
Մոխրենէսի «Օխտը դռնի» վանք․
«Օխտը դռնի» վանքը կը գտնուի Հադրութի Մոխրենէս գիւղէն 3,5քմ հիւսիս-արեւմուտք, Իւղուսէն լերան լանջին, Գտիչ բերդին մօտ, պատմական Արցախի Սիսականի Ոստան կամ Միւս Հաբանդ կոչուող գաւառին մէջ։ Այժմ բռնազաւթուած է Պաքուի իշխանութիւններուն կողմէ։ Վանքը կը գտնուի ծովու մակերեսէն 1451 բարձրութեան վրայ, լերան անտառապատ գագաթին, դժուարամատչելի վայրի մէջ:
Պատմական աղբիւրները համալիրին եւ այսօր կիսաւեր պահպանուած եկեղեցւոյ մասին տեղեկութիւններ չեն հաղորդեր: Աւանդութեան համաձայն, Օխտը դռնի եկեղեցին կառուցած է հայրենիքի պաշտպանութեան համար զոհուած եօթ եղբայրներու քոյրը, որուն գերեզմանը վանքի բակին մէջ է, կը կոչուի «Քրոջ գերեզման» եւ յայտնի ուխտատեղի էր:
Մինչեւ արցախեան երրորդ պատերազմը եկեղեցին կիսաւեր էր: 2020 թուականի աշնան, Հադրութի շրջանը Պաքուի զօրքերուն կողմէ բռնազաւթուելէն ետք, թշնամին գետին գլորած է եկեղեցւոյ մուտքին տեղադրուած խաչքարը: Ներկայ վիճակին մասին այլ տեղեկութիւններ չկան։