
«Զոնտիկներ» ջրվէժ
Հունոտի կիրճը, որ յայտնի է նաեւ Զոնտիկներ անունով, բնապատմական արգելոց է, որ կը զարմացնէ զբօսաշրջիկները տեղական բնութեան գեղեցկութեամբ: «Զոնտիկներ» ջրվէժը սկիզբ առնելով կիրճի ներսէն՝ կը թափի մամռապատ քարի վրայ եւ հովանոցաձեւ ջրվէժ կը ձեւաւորէ: «Զոնտիկներ» ջրվէժը կը գտնուի Կարկառ գետի ափին: Շուշիի կողմէ ջրվէժին հասնելու համար անհրաժեշտ է անցնիլ Հունոտի անդնդախոր կիրճին մէջ գտնուող նոյնանուն գիւղատեղիի աւերակներէն եւ կտրել միջնադարեան կամուրջը: Հունոտի հսկայ ժայռերը կ’երկարին դէպի վեր՝ շրջապատելով բնութեան այս յուշարձանը եւ աննկարագրելիօրէն գեղեցկացնելով այս վայրը: