Սեդա Մելիքեան                                                                           

Ծնած եմ  1946թ, ծնողներս հայ են, արմատներով Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր գաւառներէ՝ հօրս գերդաստանը՝ Արցախէն, մօրս գերդաստանը՝ Համշէնէն եւ Կարինէն:

 Աւարտած եմ Երեւանի պետական համալսարանի Կենսաբանութեան ճիւղը:

1972-1995թ.թ. աշխատած եմ իբրեւ ընկերաբան-հոգեբան Ընդհանուր առողջաբանութեան եւ մասնագիտական հիւանդութիւններու գիտահետազօտական հիմնարկին մէջ: Ունիմ 42 տպագրուած գիտական յօդուած: Անցած եմ գիտական աւարտաճառի նախնական պաշտպանութիւն, բայց 90-ական թուականներուն գիտական խորհուրդին փակուելուն հետեւանքով աւարտաճառս չեմ պաշտպանած:

1983թ․ հանդիսացած եմ Խորհրդային Միութեան Գիտութիւններու ակադեմիային կից Խորհրդային Միութեան Հոգեբաններու միութեան իսկական անդամ: 

1990-2005թ.թ. աշխատած եմ Հայաստանի ազգագրութեան պետական թանգարանի Ազգային ազատագրական պայքարի ուսումնասիրման բաժնին մէջ իբրեւ գիտաշխատող՝ իրականացնելով  շարք մը ցուցադրութիւններ, որոնցմէ յատկապէս կ’ուզեմ նշել՝ 2000թ. ԱՍԱԼԱ-ին նուիրուած ցուցադրութիւնը, որ առաջին անգամ կ’իրականացուէր Հայաստանի մէջ: 

Գիտահետազօտական հիմնարկներու փակման հետեւանքով 1997թ-2015թ. անցած եմ դասախօսական գործունէութեան քանի մը համալսարանի մէջ միաժամանակ՝ իմ հիմնական  մասնագիտութեամբս  դասաւանդած եմ ե՛ւ ընկերաբանութիւն, ե՛ւ հոգեբանութիւն:

Արցախեան շարժման տարիներէն ներգրաւուած եմ հասարակական-քաղաքական գործունէութեան մէջ: Եղած եմ Հոգեւոր Հայաստան ՀԿ-ի համանախագահ, Փաստաբաններ  մարդու իրաւունքներու համար ՀԿ-ի գործադիր տնօրէն, ղեկավարած եմ  շարք մը հետազօտական ծրագիրներ, որոնցմէ մէկով 2001թ. հանդիսացած եմ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Մարդկային զարգացման ծրագիրներու ցմահ փորձագէտ՝ մշակոյթի գիծով: 

Աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցած եմ շարք մը բարձր հնչեղութիւն ունեցող հանրային շարժումներու եւ շահերու պաշտպանութեան դատավարութիւններու՝ յատկապէս Մատաղիսի գործով դատավարութեան, որուն դատը շահեցանք ե՛ւ Երեւանի, ե՛ւ ՄԻԵԴ-ի մէջ՝ ցմահ դատապարտութենէ ազատելով երեք անմեղ զինուորներ:    

1993թ. սկսած եմ զբաղիլ Ազատամարտիկի ընկերային-հոգեբանական կերպարի ուսումնասիրմամբ: Ծրագիրն իրականացուցած են սկիզբը Արցախի մէջ՝ առաջին արցախեան պատերազմի տարիներուն, իսկ յետոյ Երեւանի եւ ՀՀ տարբեր  վայրերու մէջ տեղակայուած ջոկատներու մէջ:

1997թ.  Հայաստանի Հելսինկեան կոմիտէի հիմնադիր անդամ Վահան Իշխանեանի հետ ՀՀ-ի մէջ առաջին անգամ սկսանք զբաղիլ խաղաղ պայմաններու մէջ զոհուած զինուորներու եւ անոնց ծնողներու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ:                        

2009թ. հանդիսացած եմ ՀՀ Արդարադատութեան նախարարութեան Քրէակատարողական  հիմնարկներու Հասարակական դիտորդներու խումբի փորձագէտ:

2000-ական թուականներուն «Բանակն Իրականում» հասարակական նախաձեռնութեան հիմնադիր անդամ եմ:

Մասնակցած եմ նաեւ ՀՀ ԱԺ եւ Նախագահական ընտրութիւններուն իբրեւ ընդիմադիր կուսակցութիւններու նախընտրական շտաբներու անդամ, կամ պետ:

2007թ. Զարուհի Փոստանճեանին հետ մտած եմ ՀՀ ԱԺ իբրեւ պատգամաւորի օգնական եւ մինչեւ 2018թ. Մայիս աշխոյժ քաղաքական գործունէութիւն վարած եմ, մասնակցած  շարք մը օրինագիծերու եւ Եւրոպայի Խորհրդարանի Խորհրդարանական Վեհաժողովի զեկոյցներու կազմման աշխատանքներուն:

2018թ. դադարցուցած եմ հասարակական-քաղաքական գուծունէութիւնս Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ:

2018թ. Դեկտեմբերին մասնակցած եմ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան ԱԺ ընտրութիւններուն եւ ընտրուած պատգամաւոր, այնուհետեւ ԱԺ փոխնախագահ՝ մինչեւ 2020թ.Ապրիլ, որմէ ետք Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ պարոն Արմենակ Աբրահամեանի կողմէ արժանացած եմ բարձր վստահութեան եւ նշանակուած ԱՀՀ վարչապետ ու մինչեւ օրս մեծ պատւով եւ պատասխանատւութեամբ կը կատարեմ ինծի վստահուած պարտականութիւնները:

Պատիւ ունիմ եւ հպարտ եմ 2008թ-էն  կրելու Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիի Բարձր կոչումը:

Իմ յետագայ գործունէութիւնս՝ 2023թ. Դեկտեմբերէն սկսեալ,  ուղղուած պիտի ըլլայ Արեւմտեան Հայաստան ապրող մեր միլիոնաւոր հայրենակիցներուն հետ տարուող տարաբնոյթ աշխատանքներուն եւ մեր բռնազաւթուած հայրենիքի վերջնական ազատագրման, որուն իրականացման համար կը հայցեմ ոչ միայն պարոն Արմենակ Աբրահամեանին, որ իր ողջ ուժն ու եռանդը՝ 2004թ-էն ի վեէ ներդրած է այս Սուրբ գործին եւ հասնելով մեծ յաջողութիւններու, մեզի համար հարթած է այն ճանապարհը, որ նախագծած է Պօղոս Նուպար եւ որուն ուղենիշը իւրաքանչիւրս պէտք է կրենք մեր սրտերուն մէջ, այլեւ ձեր բոլորին աջակցութիւնն ու գործուն մասնակցութիւնը: Յոյսով եմ եւ համոզուած, որ մենք պիտի դառնանք նոյն այն խումբը, որ համախմբուած առաջ պիտի տանի Պօղոս Նուպարի եւ Արմենակ Աբրահամեանի ու մեր իւրաքանչիւրիս մտայղացումները: Ուրեմն այսօրուընէ մէկ կողմ կը թողնունք մեր անձնական շահերն ու կը լծուինք այս Սուրբ գործին, որ ունի մէկ անուն՝ ՀԱՅՐԵՆԻՔ:

Պէտք է հաւաքեմ 80 ստորագրութիւն՝ իմ թեկնածութիւնս վաւերացնելու համար. կրնաք ըլլալ ստորագրողներէն մէկը՝ լրացնելով այս գրանցման ձեւը։