
Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը մեկնաբանութիւն տարածած է Ատրպէյճանի ՊՆ հաղորդագրութեան վերաբերեալ:
ԱԳՆ յայտարարութեան մէջ նշուած է․ «Մարտի 7-ին Ատտրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը տարածած է հաղորդագրութիւն, թէ իբր նոյն օրը՝ Ռուսիոյ խաղաղապահներուն ուղեկցութեամբ, Ստեփանակերտ-Լիսագոր ճանապարհէն անցած է Հայաստանի Հանրապետութեան ԶՈՒ ռազմական մեքեններու շարասիւն։ Այս առթիւ հարկ կը համարենք ընդգծել, որ Ատրպէյճանի ՊՆ տարածած տեղեկատւութիւնն իրականութեան չի համապատասխաներ, եւ կը հանդիսանայ ատրպէյճանական կողմի՝ միջազգային հանրութիւնը մոլորեցնելուն ուղղուած հերթական կեղծիք:
Միեւնոյն ժամանակ, ակնյայտ է, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները այս ձեւով կը փորձեն շեղել միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը Մարտի 5-ին Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ իրականացուած ահաբեկչական գործողութենէն, Արցախի ժողովուրդին դէմ շարունակուող ահաբեկչական եւ ցեղային զտման քաղաքականութենէն, ինչպէս նաեւ հող նախապատրաստել հնարաւոր նոր սադրանքներու համար»։
Արեւմտեան Հայաստանը կը դատապարտէ բռնազաւթիչ Ատրպէյճանի կատարած գործողութիւնները, որոնք ուղղուած են մոլորեցնելու միջազգային հանրութիւնը։ Մինչեւ օրս քաղաքակիրթ աշխարհի աչքին առջեւ Ատրպէյճան կը շարունակէ կեղծ բնապահպանական ցոյցի միջոցով փակ պահել Բերձորի ճանապարհը, Արցախի մէջ ստեղծելով պարենային լուրջ ճգնաժամ։ Ի հարկէ ասոր նպատակը ցեղային զտումներն են, որ կը ցանկան իրականացնել, սակայն իրենց այս ծրագիրը անյաջողութեան պիտի մատնուի։