
Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոպական միութեան յատուկ բանագնաց Թոյվո Քլաար ատրպէյճանական «APA» գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է․ «Նախ, ես կը կարծեմ, որ Բերձորի ճանապարհով փոխադրումներու թափանցիկութեան ապահովման գաղափարը միանգամայն օրինական է։ Որովհետեւ մենք չենք ցանկար, որ Բերձորի ճանապարհն օգտագործուի լարուածութիւնը սրող բեռնափոխադրման համար, կամ այն օգտագործուի ռազմական կամ անօրինական նպատակներով»։ Դիւանագէտին պատկերացմամբ, «այդ թափանցիկութիւնը» ապահովելու միջոցները բանակցութիւններու եւ քննարկումներու ենթակայ է: Որոշ քայլեր, իր տեղեկութիւններով, «անցեալին քննարկուած են», նշած է ան: «Օրինակ՝ անցակէտին մօտ ունենալ լրացուցիչ սարք, որպէսզի ռուսերը կարողանան աւելի լաւ վերահսկել երթեւեկութիւնը տարածքին մէջ», – նշած է Քլաար, նաեւ աւելցնելով, որ միեւնոյն ժամանակ «Արցախի հայերուն համար կարեւոր է, որ իրենք անվտանգ տեղաշարժի հնարաւորութեան զգացում ունենան»:
ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչը նաեւ կարեւորած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն նոր հանդիպման կազմակերպումը: