Սեբաստացի Մուրատ (Մուրատ Խրիմեան) ազգային ազատագրական պայքարի գլխաւոր դէմքերէն է:  1915-ի Մարտի 15-ի երեկոյեան Մուրատի տունը կու գան երեք ոստիկան, կը յանձնեն Ալի պէյի գրութիւնը՝ շտապ գործով ներկայանալու հրահանգով: Մուրատ, եղբօր, եղբօր որդիին եւ  շարք մը ընկերներու հետ կը փախչի լեռները: Կը սկսի անոր ոդիսականը՝ ինքնապաշտպանական մարտեր, հիւանդութիւն, սով, դաւաճաններով լի անտառներ, ընկերներու կորուստ եւ հարազատ ժողովուրդի կոտորուող քարաւաններ: Մուրատ իր տղաներուն հետ կը գրաւէ թրքական ձկնորսական նաւ եւ ճանապարհ կ’իյնայ դէպի Պաթում:  Այս ողջ ճանապարհին մասին ան օրագիր կը գրէ: Մուրատի քրոջ՝ Սրբուհիին զինակից ընկեր Վարդան Շահպազի եւ ուրիշներու պատմածներուն, ինչպէս նաեւ Մուրատի օրագիրին հիման վրայ Զապէլ Եսայեան գրած է «Մուրատի ճամբորդութիւնը» եւ 1918-ին կը հրապարակէ Պաքուի «Գործ» հանդէսի 4-8-րդ թիւերուն մէջ:  1921-ին առանձին գրքոյկով լոյս կը տեսնէ Պոսթոնի մէջ, Հայաստանի մէջ կը տպագրուի միայն 1990 թուականին:

Սեբաստացի Մուրատ «Մէկ հայը՝ մէկ ոսկի» շարժման մասնակիցներէն էր ու բազմաթիւ երեխաներ փրկած է: Երկար ժամանակ փնտռած է իր ընտանիքը, սակայն յաջողութեան չէ հասած: 1918 թուականի Յուլիսի 31-էն Օգոստոսի 5-ը հայերը Պաքուի մէջ հզօր մարտեր  մղած են, որոնց մասնակցած է նաեւ Մուրատ: Օգոստոսի 4-ին անոնցմէ մէկուն ժամանակ ալ զոհուած է: