Ստեփանակերտի Փօլ Էլիուարի տուն ֆրանկոֆոնիոյ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է Համշէնի մշակոյթին ու պատմութեան նուիրուած միջոցառում:  Մշակութային միջոցառման, որ կազմակերպուած էր  «Ֆրոնթ Արցախ» հասարակական կազմակերպութեան  եւ «Բեկոր» երիտասարդական  ակումբին կողմէ, ներկայացուած են համշէնահայերու բարբառով երգեր, Համշէնի ազգագրական պարերը, անոնց նիստուկացն ու խոհանոցը:

«Ֆրոնթ Արցախ»ի եւ «Բեկոր» երիտասարդական ակումբի կամաւորական Անաստասիա Անդրեան  համոզուած է, որ  Համշէնը Արեւմտեան Հայաստանի  առեղծուածային ու  հետաքրքրական վայրերէն է։  

«Վերջին շրջանին Համշէնի նկատմամբ  հետաքրքրութիւնը աճած է: Մենք նոյնպէս փորձեցինք  կազմակերպել միջոցառում եւ բացայայտել Համշէնի մշակութային առանձնայատկութիւնները: Համշէն Արեւմտեան Հայաստանի՝ հայերով ամենախիտ բնակեցուած տարածքն է։ Հակառակ բռնի դաւանափոխութեան հետեւանքով իսլամական կրօնքն ընդունելուն,  համշէնահայերը կը շարունակեն ապրիլ իրենց հայրենիքին մէջ ու պահպանել ցեղային մշակոյթը, բարբառը։ Համշէնի  հայկական խոր արմատները կը փաստեն նաեւ այնտեղ  գտնուող եկեղեցիները, վանքերը»,- մանրամասնած է Անաստասիա Անդրեան։ 

Արեւմտեան Հայաստանը դրական կը գնահատէ Արցախի մէջ կազմակերպուած այս միջոցառումը, քանի որ կարեւոր է, որ Արեւմտեան Հայստանի տարբեր շրջաններու մէջ իրականացուին նման մշակութային իրադարձութիւններ, որոնք նպատակ ունին բացայայտել մէկը միւսին սովորոյթներն ու մշակոյթը։ Նոյնքան կարեւոր է, որ արցախահայութիւնը յիշէ, որ Համշէնի շրջանը կը գտնուի Արեւմտեան Հայաստանի» մէջ, եւ որ Արեւմտեան Հայաստանը Թուրքիոյ կողմէ բռնազաւթոուած  հայկական պետութիւն է։