
Զարդագործ, նկարիչ, քանդակագործ Արմէն Վարդապետեանի «Կիլիկիա» խորագիրով ցուցահանդէսին մէջ ընդգրկուած է աւելի քան յիսուն աշխատանք՝ արծաթեայ զարդեր, քանդակներ, գծանկարներ: Հետաքրքրուած անձեր իւրահատուկ, ինքնատիպ գործերուն կրնան ծանօթանալ՝ մինչեւ Ապրիլի 7, այցելելով Երեւան քաղաքի պատմութեան թանգարան: «Արմէնփրէս»ի թղթակիցին հետ զրոյցի ժամանակ Վարդապետեան նշած է, որ հաւաքածուն ստեղծած է՝ ոգեշնչուելով կիլիկեան դպրոցի մանրանկարիչներ Թորոս Ռոսլինի եւ Սարգիս Պիծակի աշխատանքներէն:
«Կիլիկիա» հաւաքածուի նպատակներէն է Կիլիկիոյ մասին խօսիլը: Այդ դարաշրջանին զարգացած են հայկական արուեստն ու մշակոյթը, սակայն արշաւանքներու, պատերազմներու պատճառով քիչ բան պահպանուած է: Բացառութիւն չեն զարդերը: Զարդերը ժամանակին ձուլած են եւ տուրքեր վճարած»,- նշած է նկարիչը։
Արեւմտեան Հայաստանը կարեւոր կը համարէ այս նախաձեռնութիւնը, քանի որ այսօր առաւել քան երբեք կարեւոր է Կիլիկիոյ արուեստն ու մշակոյթը ցուցադրել, անով եւս մէկ անգամ փաստելով այդ տարածաշրջանի հայկական ըլլալն ու Հայերու իրաւունքները:
։