1912թ-ին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գէորգ Ե-ի յատուկ կոնդակով ընթացիկ տարին յայտարարուեցաւ յոբելեանական։ Որոշուեցաւ միջոցառումները սկսիլ 1912թ-ի Հոկտեմբերի 13ին եւ ճիշդ մէկ տարի անց` 1913թ-ի Հոկտեմբերի 13ին (Ս. Թարգմանչաց տօնին), կազմակերպել յոբելեանական տարուան հանդիսաւոր փակումը: Այն ստացաւ համազգային բնոյթ, ուստի եւ կոչուեցաւ «Համազգային մեծ յոբելեան»:

Տօնի գլխաւոր եռօրեայ միջոցառումները սկսան 1913թ-ի Հոկտեմբերի 11ին:

Ինչպէս Կ. Պոլսոյ, այնպէս ալ Արեւմտեան Հայաստանի գաւառներուն մէջ իրար յաջորդեցին կրօնական եւ գրական հանդիսութիւնները: Պրուսայի մէջ մեծ յոբելեանը նշուեցաւ Հոկտեմբերի 25ին՝ Ազգային վարժարանին մէջ, Բաղէշի մէջ` Հոկտեմբերի 26ին՝ Ս. Գէորգ եւ Խնդրակատար վանքերուն մէջ: Տարօնի կեդրոնական յոբելեանական յանձնաժողովը բազմամարդ միջոցառումներ կազմակերպեց Սուրբ Սահակի գերեզմանին մօտ, Սուրբ Թարգմանչաց ու Սուրբ Կարապետ վանքերուն եւ քաղաքի տարբեր հատուածներուն մէջ: Որոշուած էր միջոցառումներու ժամանակ հանգանակութիւն իրականացնել յօգուտ Սասունի պարբերական մամլոյ զարգացման: Այս արժանայիշատակ յոբելեանին առթիւ Կոմիտաս պատրաստած էր «Ով մեծասքանչ դու լեզու» երգի ձայնագրութիւնը, որ պէտք է տպագրուէր եւ վաճառուէր ողջ տարուան ընթացքին: 1912թ-ին  հայ գիրերու գիւտի 1500-ամեակին եւ հայ տպագրութեան 400-ամեակին յոբելեանի օրերուն տարբեր քաղաքներու մէջ լոյս տեսան հայ գիրի ու տպագրութեան պատմութիւնը ներկայացնող հրատարակութիւններ: 1913թ. Հոկտեմբերի 13ի երեկոյեան յոբելեանական տարուան փակման առիթով Կ. Պոլսոյ «Լեշիկի» թատրոնին մէջ ելոյթ ունեցաւ Կոմիտասի «Գուսան» 200 հոգինոց երկսեռ երգչախումբը:

Արեւմտեան Հայաստանի մամուլը կարեւորեց զոյգ յոբելեաններու խորհուրդը եւ մանրամասն լուսաբանեց իրականացուող միջոցառումները: 

Տաթեւիկ Ղալթախչեան, ՀՑԹԻ գիտաշխատող