Սամոսատ-Ատըեամանի մէջ, ուր Փետրուարի 6-ին հզօր երկրաշարժներ տեղի ունեցան, բազմաթիւ մարդիկ զոհուեցան եւ վիրաւորուեցան, քանդուեցան հազարաւոր շէնքեր, մեծ թիւով շէնքեր ու կառոյցներ, այդ թուին՝ պատմամշակութային, վնասներ կրեցին։

Ալեւիական «Ուրիան Հըզըր օճախ»ի անդամներէն Վելի Պիւյուքշահին այսպէս նկարագրած է 150-ամեայ Ալեւիական Օճախին հանդէպ նահանգապետին կայացուցած որոշումը․ «Երկրաշարժը տեղի ունեցաւ Ալեւիներով խիտ բնակեցուած տարածաշրջանի մէջ, ուր կը գտնուի ալեւի համայնքին պատկանող շատ կարեւոր մշակութային ժառանգութիւն։ Այդ ժառանգութիւնը մեզի հասած է հարիւրաւոր տարիներու խորքէն։ Անոր օրինակներէն մէկը «Ուրիան Հըզըր օճախ»ն է, որուն որդիներէն մէկը ես եմ։ Ցաւով պիտի նշեմ, որ այս սրբավայրը երկու օր առաջ քանդեցին, հողին հաւասարեցուցին։ Մենք ականատես կ’ըլլանք փաստի մը, թէ ինչպէս պետական մարմինները արհամարհանքով կը մօտենան մեր հաւատքին եւ կ’ուզեն սրբավայրը վերածել աւերակի։ Այս ժառանգութեան պէտք չէ վերաբերէին որպէս աւերակ։ Պէտք է հաշուի առնուէր պատմական, մշակութային եւ կրօնական նշանակութիւնը։ Երկրաշարժէն ետք մենք պատերուն տեսանք ճաքեր, սակայն պատկան մարմինները որոշեցին, որ վթարային է ևեւ  մեծ արագութեամբ շինարարական սարքերով քանդեցին մեր սրբավայրը։ Այսպիսով, հինգ սերունդներէ մնացած մշակութային եւ հաւատքի ժառանգութիւնը ոչնչացուեցաւ»:

Leave a Reply