Ջերմաջուրը բնական տաք աղբիւրներով հարուստ առողջարանային աւան է, որ կը գտնուի ծովու մակերեսէն 2200-2400մ բարձրութեան վրայ: «Ջերմաջուր» անուանումը բառացի կը նշանակէ «տաք ջուր»:

Ջերմաջուրը կը գտնուի Պաքուի իշխանութիւններուն կողմէ բռնազաւթուած՝ Շահումեան շրջանին մէջ։  Ջերմաջուր բառը կը նշանակէ ստորգետնեայ ջրատար հորիզոնի կամ աղբիւրի ջուր, որ ունի բարձր ջերմաստիճան կամ այլ խօսքով՝ ընդերքէ բխող տաք հանքային ջուր։ ատրպէյճանցիները բնակավայր կ’անուանեն Իստիսու։

Leave a Reply