Երկրաշարժներէն ետք առաջ եկած իրավիճակին վերաբերեալ  Արեւմտեան Հայաստանի հայկական Վագըֆլը գիւղի գիւղապետ Պերճ Քարթուն այսպէս արտայայտուած է «Յատկապէս վերջին՝ երրորդ երկրաշարժի ժամանակ մեր տուներու գզգալի մասը քանդուեցաւ։ 35 տուն բնակչութիւն ունինք, 130-ի չափ բնակիչ։ Երկրաշարժէն անմիջապէս ետք մօտ 30 հոգի Պատրիարք Մաշալեանի ուղարկած հանրակառքով Կ. Պոլիս տեղափոխուեցան։ 20 հոգի ալ Ալեքսանտրէթ գացին՝ իրենց մտերիմներուն մօտ։ Անոնց մեծ մասին հոգեկան վիճակը խաթարուած էր։ Այն, որ ի սկզբանէ այստեղ օթեւանելու վրաններ չկային, շատ կը բարդացնէր այստեղի կեանքը։

Աւելի ուշ պարզուեցաւ, որ եկեղեցին լիովին աւերակ է։ Ներկայիս մօտ 25 վրան ունինք, ուր կը մնանք։ Ամէն տեղէ օգնութիւն կը հասնի։ Բարերարներուն շատ շնորհակալութիւն կը յայտնենք։ Մնացեալ ամէն բան պետութենէն կ’ակնկալենք։ Քանդուած տուներն ինչպէ՞ս պիտի  վերականգնուին։ Պետութեան կողմէ դրամական աջակցութեա՞մբ, թէ այլ ուղիներով։ Պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնենք, որպէսզի կանխենք մարդոց՝ այս գիւղը լքելը։ Անոր համար նախ եւ առաջ պէտք է կացարանի խնդիրը լուծել։ Գիւղի բնակչութեան թիւը նուազած է եւ դարձած 120 հոգի։ Չենք ուզեր այդ թիւն ալ կորսնցնել։ Ջանքեր կը գործադրենք, լուծումներ կ’որոնենք հայկական գիւղը կանգուն պահելու նպատակով։ Ամէն այցելուէ աջակցութիւն կը խնդրենք գիւղը պահպանելու համար»։