
Ինքնութեան շուրջ շարունակուող բանավէճը կը պառակտէ ճնշուած ալեւիական-արեւական համայնքը, որուն հիմքերէն է «ըլլանք միասին, ըլլանք ուժեղ, ըլլանք ողջ» կարգախօսը:
Գոյութիւն ունի բանավէճի առարկայ առնուազն չորս հակադիր տեսակէտ. Ամէնէն արմատական թրքական ազգայնականութեան ջատագովները, ինչպիսին է Հալաչօղլու, կը ձգտն ապացուցել, որ Տերսիմի ալեւիները «քրտացած թուրքմէններ» են, հայոց պատրիարքարանի ներկայացուցիչները, յանձինս արքեպիսկոպոս Արամ Աթէշեանի, կը յայտարարեն, որ անոնք «կրօնափոխ հայեր» են, քուրտ ազգայնականներուն համար տերսիմցիները քուրտ ազգին մէկ մասնիկն են, որ կը պայքարի իր անկախութեան ու ինքնավարութեան իրաւունքին համար: Կայ նաեւ «զազայական» հոսանքը, ինչպէս իր յօդուածին մէջ կը նշէ տիկին Խառատեան, որ Տերսիմի ալեւիներուն կը վերագրէ ցեղային եւ ազգային առանձնայատկութիւններ: Իրականութեան մէջ, այս դրոյթներէն ոչ մէկը բաւարար է Տերսիմի պատմութիւնը ճշգրիտ ուսումնասիրելու համար: Դարերու ընթացքին Տերսիմը ցեղախառնութեան տարածք եղած է, ուր առաջացած է զանազան ցեղային ծագումներու իւրայատուկ համադրութիւն հանդիսացող ալեւի-արեւի բնակչութիւնը՝ հայեր, Իրանի դայլամիթներ, քիւրտեր եւ թուրքմէններ: