Դադիվանքը տեղակայուած է Շահումեան շրջանի Դադիվանք գիւղին մէջ՝ Դադիւան լերան լանջին՝ Թարթառ գետի ձախ ափին: Աւանդութեան համաձայն, եկեղեցին հիմնուած է առաջին դարուն՝ Քրիստոսի առաքեալներէն Թադէոսի հետեւորդ Դադէի կողմէ, որ քրիստոնէութիւն կը քարոզէր Հայաստանի այս շրջանին մէջ։  2007 թուականին իրականացուած պեղումներու ընթացքին վանական համալիրի եկեղեցիներէն մէկուն խորանին տակ գտնուած են Ս. Դադէ առաքեալի մասունքները։

Պատմական արձանագրութիւներուն մէջ եկեղեցին առաջին անգամ յիշատակուած է Մխիթար Գոշի կողմէ, որ որոշ ժամանակ ապրած եւ աշխատած է Դադիվանքի մէջ: 

Վանական համալիրի առաջին շինութիւնները կառուցուած են 9րդ դարուն: Սակայն 12րդ դարուն համալիրը հրկիզուած է սելճուկ զաւթիչներու կողմէ եւ վերականգնուած է աւելի քան երկու տասնամեակ անց:

Համալիրը կը ներառէ երկու եկեղեցի, երկու մատուռ, միաբանական խուցեր, գրատուն, սեղանատուն, հիւրատուն եւ այլ շինութիւններ: Վանքի գլխաւոր եկեղեցին Կաթողիկէն է, որ կառուցուած է 1214-ին:Կաթողիկէի յարակից տարածքին մէջ 13րդ դարու միանաւ եկեղեցին է եւ գաւիթը: Վանքի զանգակատունը նոյնպէս կառուցուած է 13րդ դարուն:

Leave a Reply