• Ցաւալի է տեսնել, որ Ատրպէյճանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի ազգային հիմնարկըը, ի դէմս Սապինա Ալիեւայի, կը զբաղի Արցախի դէմ Ատրպէյճանի յանցաւոր գործողութիւններն արդարացնելով, որոնք յանգեցուցած են Արցախի մէջ մարդասիրական  ճգնաժամի եւ անմեղ զոհերու, Ֆէյսպուքեան իր էջին գրած է Արցախի ՄԻՊ Գեղամ Ստեփանեան: 
  • «Հետեւելով ատրպէյճանական կառավարական քարոզչամեքենայի տրամաբանութեան, Սապինա Ալիեւա միտումնաւոր ապատեղեկատւութիւն կը տարածէ եւ անհիմն յայտարարութիւններ կը կատարէ Հայաստանէն Արցախ իբր «զէնքի, զինամթերքի եւ այլ զինուորական մեքենաներու, այդ թուին՝ ականներու, վառելիքի եւ զօրքերու տեղափոխման մասին», առանց հիմնաւոր փաստեր ներկայացնելու։ Նման սուտերը պատրուակ կը ծառայեն ապագային նոր յարձակումներու հող նախապատրաստելու համար։ Բացի անկէ, Ատրպէյճան իրաւունք չունի միջամտելու Արցախի Հանրապետութեան ներքին գործերուն եւ պահանջելու լուծարել պետական կառոյցները՝ Ոստիկանութիւնն ու Արցախի պաշտպանութեան բանակը։
  • Սապինա Ալիեւա ոչ մէկ խօսք ըսած է 120.000 արցախցիներուն, այդ թուին՝ 30.000 երեխաներուն՝ երեք ամիս շարունակուող անօրինական շրջափակման մասին, որ կազմակերպուած է Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ։ Հակառակ  շարք մը միջազգային հեղինակաւոր միջկառավարական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու, պետական եւ ոչ պետական դերակատարներու՝ Արցախի կեանքի ճանապարհը ապաշրջափակելու կոչերուն, Ատրպէյճան կը շարունակէ անամօթաբար եւ բացայայտօրէն հերքել մարդասիրական ճգնաժամի իրողութիւնը։
  • Միջազգային կազմակերպութիւններու ուշադրութիւնը կը հրաւիրեմ նաեւ Ատրպէյճանի մարդու իրաւունքներու յանձնակատարի գործունէութեան վրայ, որ հեռու է մարդու իրաւունքներու պաշտպանութենէն եւ, հակառակը, կ’օգտագործուի մարդոց հիմնարար իրաւունքներու խախտումները արդարացնելու համար»,- գրած է Ստեփանեան։

Leave a Reply