
Փետրուարի 6-ին Արեւմտեան Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժէն ետք աւելի քան 820 հազար շէնք դուրս բերուած է շահագործումէ:
11 մարզերէն 5-ին մէջ վնասներու գնահատման աւարտէն ետք պարզուած է, որ 1 միլիոն 706 հազար շինութիւններէն քանդուած կամ տարբեր աստիճանի վնասներ կրած է 821 հազար 302 շինութիւն։
Աւելի վաղ յայտնի դարձած էր, որ երկրաշարժներու զոհերու թիւը հասած է 48 հազարի։
Բռնազաւթուած Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրի (ՄԱԶԾ) մշտական ներկայացուցիչ Լուիզ Ուինթըն յայտարարած է, որ Փետրուարի սկիզբը տեղի ունեցած երկրաշարժներու տնտեսական վնասը Արեւմտեան Հայաստանի մէջ պիտի գերազանցէ 100 միլիար տոլարը: