Ահաբեկչութեան զոհերու յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցելու ազգային օրուան ծիրին մէջ Ֆրանսայի Անթիպ Ժուան լը Փինս քաղաքին մէջ  2023թ․  Մարտի 11-ին տեղի ունեցաւ արարողութիւն, որուն ի թիւս այլ հիւրերու, ներկայ էին քաղաքապետ պարոն Ժան Լէոնէթթի, Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային խորհուրդի նախագահ Արմենակ Աբրահամեան, ANACAS-ի (Հայ վետերաններու եւ համախոհներու ազգային միութիւն) նախագահ պարոն Վրէժ Աբրահամեան եւ ANACAS-ի փոխնախագահ Լիտիա Մարկոսեան։

Իշխանութեան ներկայացուցիչներու ժամանումէն եւ զինուորական պատւոյ արարողակարգէն ետք ընթերցուեցաւ երիտասարդ ուսանողի ցուցմունքը, ուր նշուած էր ահաբեկչական գործողութեան մասին, որուն զոհ գացած է անոր սիրելին։ Արարողակարգէն ետք յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ ննջեցյալներու յիշատակին, որուն ընթացքին ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ  յարգեցին զոհուածներու յիշատակը, ծաղկեպսակներ  տեղադրեցին եւ հնչեց զագներու ղողանջը։  

Արեւմտեան Հայաստանը այս յարգանքի տուրքը կը մատուցէ նաեւ թուրք-ատրպէյճանական ահաբեկչութեան զոհերու յիշատակին։