Եղիշէ Չարենց (Եղիշէ Սողոմոնեան) ծնած է 1897թ. Մարտի 13-ին, Արեւմտեան Հայաստանի Կարս քաղաքը: 

1908թ. Չարենց ընդունուած է Կարսի վարժարան, ուր դպրոցական «Գարուն» հանդէսին մէջ հրատարակուած են անոր բանաստեղծութիւնները: 1914թ. Կարսի մէջ լոյս տեսած է գրողին «Չարենց» գրական կեղծանունով «Տխուր ու գունատ աղջկայ 3 երգերը…» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն:

Ազգային ազատագրական պայքարն ու Առաջին Համաշխարհային պատերազմը Եղիշէ Չարենցին մէջ կը սպանեն պատանեկան երազները: Ան կամաւորական կը  գրուի եւ կը միանայ Արեւմտեան Հայաստանը զաւթիչներէն ազատելու շտապող մարտիկներուն: Այդ տարիներուն ան կը ստեղծէ իր լաւագոյն գործերէն մէկը` «Դանթէական առասպելը», որուն մէջ կը նկարագրէր 20րդ դարասկիզբի պատերազմի սարսափները:

1915թ. Եղիշէ Չարենց  կը մեկնի Մոսկուա` Շանյաւսկիի համալսարանին մէջ ուսումը շարունակելու նպատակով: 1919թ. Կը վերադառնայ Երեւան եւ կը սկսի դասաւանդել դպրոցին մէջ: Այդ տարի Թիֆլիսի մէջ լոյս կը տեսնէ «Ամբոխները խելագարուած» հանճարեղ վիպերգը: 1936թ. Յուլիս-Օգոստոս ամիսներուն կը սկսին հայ մտաւորականութեան ձերբակալութիւնները: Եղիշէ Չարենցը Սեպտեմբերին տնային կալանքի կ’ենթարկեն` մեղադրելով ահաբեկչութեան եւ ազգայնականութեան մէջ: Բոլոր գրախանութներէն կը վերացնեն անոր գիրքերը, իսկ նորերու հրատարակումը` կը դադարեցնեն: Կը սկսին ճնշումները ընտանիքին հանդէպ: Որոշ ժամանակ անց հանճարեղ բանաստեղծը կը ձերբակալեն եւ հակախորհրդային գործունէութիւն իրականացնելու շինծու մեղադրանք կը ներկայացնեն: Շատ չանցած՝ 1937թ Նոյեմբերի 27-ին, Եղիշէ Չարենց իր մահկանացուն կը կնքէ երեւանեան բանտերէն մէկուն հիւանդանոցին մէջ: