
2023 թուականի Մարտի 11-ին Ֆրանսայի Քան քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ ծագումով հայ վետերաններու եւ դիմադրութեան մարտիկներու միութեան (AACROA) տարեկան ընդհանուր ժողովը, որուն կը մասնակցէին Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային խորհուրդի նախագահ Արմենակ Աբրահամեան, Արեւմտեան Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Լիտիա Մարկոսեան, Ալփ-Մարիթիմէն պատգամաւոր Ալեքսանտրա Մարթին, Մոան Սարթուի համայնքապետը, Կրասի, Քաննի, Լէ Քաննէի Լէօ Քաննէ Ռոշեւիլի, Մանտելիէ-լա-Նափուլի, Անթիպի քաղաքապետարաններու ներկայացուցիչներ եւ մարտական աշխարհի շատ գործիչներ:
Պարոն Ժան Ղազարոսեան իր խօսքը սկսաւ շնորհակալութիւն յայտնելով մարտական գործողութիւններու եւ ֆրանահայ դիմադրութեան մարտիկներու միութեան երկրորդ նախագահ պարոն Ալպերթ ժուէնպէքճեանին: Մինչ ժողովի մեկնարկը մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգուեցաւ զոհերոխ յիշատակը։ Այնուհետեւ խօսքը տրուեցաւ պատգամաւոր Ալեքսանտրա Մարթինին, որ ելոյթ ունեցաւ հայերու իրաւունքներուն նկատմամբ իր հաւատարմութեան մասին։

Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարար Լիտիա Մարկոսեան իր ելոյթն աւարտելով տիկին Ալեքսանտրա Մարթինին յանձնեց Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան պատուաւոր քաղաքացութիւնը։ Նախարարը բարձր գնահատեց անոր հաւատարմութիւնը հայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան գործին մէջ, առհասարակ խորհրդարանականներու եւ սենատորներու աշխատանքն այն բանաձեւին վերաբերեալ՝ որուն անոնք կողմ քուէարկած են: Տիկին Մարկոսեան աւելցուց, որ 2020 թուականի պատերազմը Արցախի բնիկ ժողովուրդին դէմ եւ 120 հազար բնակիչութեան շրջափակումը 1894 թուականին սկսած Ցեղասպանութեան ծրագիրներուն մէկ մասն է, եւ կայուն խաղաղ կարգաւորման հնարաւոր չէ հասնիլ՝ առանց հաշուի առնելու 1920 թուականի Հայաստանի, մասնաւորապէս ՝ Արեւմտեան Հայաստանի կողմէ ձեռք բերուած իրաւունքները:Պարոն Արմենակ Աբրահամեան ներկայացուց երկրաշարժէն ետք Արցախի եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ տիրող իրավիճակը: Այնուհետեւ ներկայացուեցան բարոյական եւ նիւթական հաշուետւութիւնները, որոնք միաձայն հաստատուեցան։ Ընդհանուր ժողովն աւարտեցաւ շրջանի քաղաքապետարաններու ներկայացուցիչներու ելոյթներով եւ երեք զինուորական պարգեւներու յանձնմամբ։ Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի նախագահ պարոն Արմենակ Աբրահամեան եւ Ժան Ղազարոսեան “Հայկական սուր” մետալը յանձնեցին ՄԱԿ-ի ազգային խորհուրդի Մանտելիէ-լա-Նափուլի վարչութեան փոխնախագահ Ժան-Քլոտ Տիւփոնին, Մուժոնի հայ վետերաններու բարեկամութեան ընկերութեան եւ ֆրանսական յիշատակի վարչութեան նախագահ Մարք Տուրսթին, Քաննի մարտիկներու ազգային միութեան նախագահ, գնդապետ Միշէլ Ժորժէլին: