
Տնջրի ծառ
Սխտորաշէն գիւղէն ոչ հեռու՝ Ստեփանակերտէն 37քմ դէպի հիւսիս, վեր կը խոյանայ աւելի քան 2200-ամեայ հսկայ չինարի ծառ մը: Ըստ աւանդութեան, ծառը տնկուած է Տիգրան Մեծի կողմէ։ Ծառը եւս 15 ճիւղ ունեցած է, որոնք խորհրդանշած են պատմական Հայաստանի նահանգները, սակայն Արցախէն բացի բոլոր ճիւղերը չորցած են։ Ծառի բարձրութիւնը 54մ է, տրամագիծը՝ 27մ։ Հսկայական ծառի ստուերը 1400 քառակուսի մեթրի տարածք կը ծածկէ: Ծառի տերեւներուն չափը կը հասնի մինչեւ 0,5 մեթրի։
Անոր փչակին մէջ կրնան տասնեակ մարդիկ շատ դիւրին տեղաւորուիլ։ Այն կը համարուի ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ նախկին խորհրդային հանրապետութիւններու ամէնէն հին ու ամէնէն բարձր ծառը։ Իր չափերով այն աւելի մեծ է, քան Էկէյեան ծովի Կոս կղզիին կամ Աշխապատի Փիրուզէի կիրճին մէջ աճող ծառերը: Ծառն առաջին անգամ անձնագիր ստացած է 1900 թուականին։ Այդ ժամանակ ծառը պահակ մը ունեցած է, որ հսկած է յաւերժական Տնջրին։ Խորհրդային տարիներուն ծառը կրկին անձնագիր ստացած է՝ որպէս Խորհրդային Միութեան տարածքին աճող ամէնէն հին եւ ամէնէն բարձր ծառը։