
Մարտի 13-ին՝ ժամը 19:00-19:30, Ատրպէյճանի ԶՈւ ստորաբաժանումները տարբեր տրամաչափի հրաձգային զէնքերէ կրակ բացած են Գեղարքունիք մարզի Վերին Շորժայի ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ: Տեղեկութիւնը կը յայտնէ ՀՀ ՊՆ մամլյ ծառայութիւնը։ «Հայկական կողմը կորուստներ չունի»,– նշուած է ՀՀ ՊՆ հաղորդագրութեան մէջ:
Նշուած է, որ ժամը 22:00ի դրութեամբ իրադրութիւնն առաջնագիծի վրայ յարաբերականօրէն կայուն է:
Յիշեցնենք, որ ատրպէյճանցիները Գեղարքունիք մարզի Վերին Շորժա գիւղին ուղղութեամբ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ տարբեր տրամաչափի հրաձգային զէնքերէ կրակ բացած էին նաեւ Մարտի 9ին: