
Արցախը Սիւնիքին կապող նոր ճանապարհը Կոռնիձոր գիւղէն պիտի չանցնի, թէեւ գիւղացիներն անցեալ աշնան ստորագրահաւաք կազմակերպած էին ու կառավարութեան խնդրած, որ գիւղին յարակից դաշտերուն փոխարէն ճանապարհն իրենց համայնքի մէջէն կառուցեն։ Համայնքապետ Դաւիթ Ղուլունցի խօսքով, ինք նախարարին առաջարկած է ծածկոութապատել նաեւ Կոռնիձորի դաշտամիջեան ճանապարհէն դէպի գիւղ եկող հատուածը։
2020թ-ի 44-օրեայ պատերազմէն ետք, Նոյեմբերի 9-ի յայտարարութեամբ, երեք տարուան ընթացքին պէտք է հաստատուէր Արցախը Սիւնիքի մարզին կապող միջանցքի նոր երթուղիի նախագիծը։ Սակայն Ատրպէյճան արդէն անցեալ տարուայ ամրան յայտարարեց ճանապարհի իր մասին կառուցման աւարտին մասին։ Հայկական կողմը շինարարութիւնը սկսաւ անցեալ Օգոստոսէն։
Արցախը Սիւնիքին կապող միջանցքը փակ մնալուն զուգահեռ Կոռնիձորի մէջ աշխոյժ շինարարական աշխատանքներուն հետ ծագած ոգեւորուածութիւնն աստիճանաբար կը մարի։ Ատրպէյճանական հենակէտերէն քանի մը հարիւր մեթր հեռաւորութեան վրայ ապրող գիւղացիները խաղաղութեան ակնկալիքներ գրեթէ չունին։ Բնակչութիւնը հիասթափուած է եւ յուսախաբ․ «Եկան խաբեցին ժողովուրդին, արհամարհեցին մեզ»,- նշած է կոռնիձորցի բնակիչը։
Գիւղացիները նոյնիսկ փորձած են ընդվզիլ կառավարութեան որոշման դէմ, սակայն փոխարէնը ոստիկաններ եկած են գիւղ։
Իրավիճակն այնքան աղէտալի է, որ որոշ գիւղացիներ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ Արցախի բռնազաւթումը կը համարեն զարգացման աշխոյժ ծրագիր։