Բժիշկ Ալպերթ Աբելեան ծնած է Քեսապ, 1893-ի Նոյեմբերի 4-ին, բժիշկներու ընտանիքի մէջ։

Նախակրթարանի եւ միջնակարգ ուսումը ստացած է Քեսապի մէջ, ապա բարձրագոյն ուսումը` Այնթապի Կեդրոնական քոլէճէն: Բժշկութիւնն ուսանած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի բժշկական դպրոցէն, զոր աւարտած է 1917-ին:

Շուտով զինակոչուած է օսմանեան բանակ` ենթասպայի աստիճանով եւ ծառայած է Նապլուսի մէջ՝ պաղեստինեան ճակատի վրայ։ Պատերազմէն ետք Հոմսի եւ Ճըսր Շուղուրի քեսապցի գաղթականները փոխադրած է Քեսապ: 1920-ին գաղթած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ հաստատուած Մասաչուսէթս նահանգի Պոսթոն քաղաքը, ուր իբրեւ մանկաբոյժ աշխատած է իր անձնական բուժարանին, ինչպէս նաեւ տարբեր հիւանդանոցներու մէջ։

Բժիշկ Աբելեան, տեսնելով Հայերու Ցեղասպանութիւնը եւ անոր պատճառով հայ ժողովուրդի թուային նոսրացումն ու մարմնաական եւ հոգեկան հիւանդագին երեւոյթները, կ’որոշէ իր գիտական-բժշկական մտապաշարը յօգուտ դնել հայ ժողովուրդին եւ մասնաւորապէս՝ հայ նոր սերունդի հայեցի զարգացման, աճին, զօրեղացման եւ հզօրացման:  Իր բժշկական ասպարէզին մէջ ան փորձած է արտացոլել իր հայկականութիւնը` գրելով հայերէն բժշկական-առողջապահական գիրքեր, որոնք եղած են բժշկական գիտելիքներու աղբիւր: Ան բժշկական գրականութիւն մուտք  գործած է հայերէնով եւ այն մեծ հաճոյքով կատարած, իբրեւ հայ բժիշկի պարտականութիւն` իր արիւնակիցներուն  հանդէպ:

Բժիշկ Ա. Աբելեան հայերէնով լոյս ընծայած է բժշկական եւ առողջապահական շարք մը աշխատութիւններ ու յօդուածներ։ 1960-ին անգլերէնով գրած է իր վերջին` «The Antiochians» գիրքը:

Բժիշկ Ալպերթ Աբելեան  մահացած է Պոսթոն, 1986-ի Նոյեմբերի 14-ին:

Leave a Reply