Արեւմտեան Հայաստանի մէջ հայերու դէմ իրագործուած Ցեղասպանութեան ժամանակ հարիւր հազարաւոր երեխաներ զրկուեցան ծնողներէ: Անոնց փրկութեան գործը ժամանակի ամէնէն հրատապ հարցերէն մէկն էր: 1915թ-էն անապաստան երեխաներուն համար կը կազմակերպուին որբանոցներ` նախ Կարսի, իսկ Կարսի գրաւումէն ետք նաեւ Ալեքսանդրապոլի մէջ: 1915թ. Հոկտեմբերին Ալեքսանդրապոլ գաւառին մէջ գաղթականներու թիւը կը հասնի 22.815-ի:

1914թ. Հոկտեմբերի 30ին Ալեքսանդրապոլի թեմի առաջնորդ Արտակ Վարդապետին գլխաւորութեամբ ստեղծուած էր Ազգային յանձնաժողով` կամաւորներու եւ ինքնապաշտպանութեան, գաղթականներուն, վիրաւորներուն օգնող եւ վիճակագրական տեղեկութիւններ հաւաքող բաժիններով: Մեծ թափ կ’առնեն որբախնամ աշխատանքները: 1915-17թթ. Ալեքսանդրապոլի մէջ կը  բացուի 8 որբանոց, ուր կ’ապաստանին Արեւմտեան Հայաստանէն տեղափոխուած 500 հայ որբ երեխաներ: 

Առաջին որբանոցը Ալեքսանդրապոլի մէջ բացուած է 1915թ. Նոյեմբերի 20ին «Երիտասարդական միութեան» կողմէ, որ մեծ դժուարութիւններով, միայն իր միջոցներուն հաշուին կը պահէ որբանոցը մինչեւ 1916թ. Փետրվարը։

1916թ. Ապրիլի 25ին կը բացուի Միացեալ ընկերութիւններու երկրորդ որբանոցը` 62 որբերով: Իր որբանոցները կը բանայ նաեւ Կովկասի հայոց բարեգործական ընկերութեան կից պատերազմէն տուժածներուն օգնող հայկական կեդրոնական կոմիտէն: 

Որբերը ապահովուած էին սնունդով, հագուստով, բժշկական եւ մաքրութեան պարագաներով։ Անոնք հանրակրթական նիւթերէն զատ կը սորվէին նաեւ զանազան արհեստներ, օտար լեզուներ: Աղջիկ որբերը կը հմտանային ամէն կարգի տնային գործերու մէջ: Երեխաները օրուան մէկ մասը կ’անցնէին դպրոցը, միւս մասը` արհեստանոցներուն մէջ։

Որբանոցները կը գոյատեւեն մինչեւ 1927-29թթ., երբ կը բացուին Լուկաշինի անուան մանուածքային գործարանն ու կերպասեղէնի արտադրամասը, եւ արդէն չափահաս դարձած որբերուն մէկ մասն աշխատանքի կ’անցնի այնտեղ:

Leave a Reply