
Ֆրանսական Սինեմաթեքի հովանիին ներքոյ «Աշխարհի ողջ յիշողութիւնը» վերականգնուած եւ արխիւային ֆիլմերու միջազգային յոբելեանական 10րդ փառատօնի ծիրին մէջ կազմակերպուած է «Համօ Բեկնազարեան. Հայ ֆիիլմի ռահվիրան» ծրագիրը։ Ծրագիրի ծիրին մէջ կայացած են «Տունը հրաբուխի վրայ» (1928թ.), «Երկիր Նայիրի» (1930թ.) եւ «Դուստրը» (1942թ.) ֆիլմերու վերականգնուած տարբերակներու միջազգային շնորհանդէսները։
Սոյն ցուցադրութեամբ մեկնարկած է Հայ ֆիլմի 100-ամեակին նուիրուած պետական միջոցառումներու ծրագիրը, որ կ’իրականացուի ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ։
Ցուցադրութեան ներկայ էր Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեան: Դեսպանն իր ելոյթին մէջ երախտագիտութիւն յայտնած է հայկական ֆիլլմարուեստին ցուցաբերուած ուշադրութեան եւ գնահատանքին համար։ Ան բարձր գնահատած է Ֆրանսական Սինեմաթեքին եւ Հայաստանի ազգային ֆիլմերու կեդրոնին միջեւ հաստատուած համագործակցութիւնը։ Փառատօնի ծրագիրին մէջ այս տարի կը ցուցադրուին համաշխարհային ֆիլմարուեստի մեծ վարպետներու 85 ֆիլմեր:
Նշենք, որ այս հեղինակաւոր փառատօնին Հայաստան կը մասնակցի առաջին անգամ: