
Հայ ազգային–ազատագրական շարժման մարտիկ Սողոմոն Թեհլերեան ծնած է Արեւմտեան Հայաստանի Կարին նահանգի Ներքին Բագառիճ գիւղը։ 1912թ-ին աւարտած է Երզնկայի Կեդրոնական վարժարանը, 1918-19թթ. Ուսում ստացած է Թիֆլիսի Ներսիսեան վարժարանէն:
1913թ-ին մեկնած է Եւրոպա՝ ուսումը շարունակելու, սակայն Առաջին համաշխարհային պատերազմի (1914–18թթ.) սկսելէն ետք վերադարձած է Հայաստան: Մեկնած է ռազմաճակատ, կռուած Անդրանիկի ջոկատին մէջ: 1918թ-ին վիրաւորուած է, տեղափոխուած Թիֆլիս: 1919թ-ին մեկնած է Հիւսիսային Կովկաս, ապա՝ Կ. Պոլիս:
1919–20թթ. Կ« Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած է երիտթուրքերու դատավարութիւնը. հայերու տեղահանութեան ու Ցեղասպանութեան գլխաւոր կազմակերպիչները, այդ թուին՝ ներքին գործոց նախարար Թալիաթ փաշան հեռակայ դատապարտած են մահուան:
Որոշելով վրէժխնդիր ըլլալ Թալիաթէն՝ Թեհլերեան որոնած է զինք քանի մը երկրի մէջ եւ վերջապէս յայտնաբերած Պերլինի մէջ: 1921թ-ի Մարտի 15ի առաւօտեան Թեհլերեան փողոցին մէջ դիմահար կրակոցով սպանած է Թալիաթը եւ յանձնուած ոստիկանութեան: Դատավարութեան ընթացքին բացատրած է իր արարքին դրդապատճառը, մերկացուցած երիտթուրքերու յանցաւոր հակահայ քաղաքականութիւնը: Գերմանացի հասարակական եւ հոգեւոր գործիչ Եոհաննէս Լեփսիուս` որպէս վկայ, մերկացուցած է երիտթուրքերն ու անոնց պարագլուխները: Դատավարութիւնը, ըստ էութեան, վերածուած է Թալիաթի եւ հայերու դէմ իրականացուած Ցեղասպանութեան միւս կազմակերպիչներու դատին: Եւրոպայի յառաջադէմ հասարակայնութեան ճնշմամբ Պերլինի դատարանն արդարացուցած է 25-ամեայ Սողոմոնն ու դատարանի դահլիճէն ազատ արձակած, իսկ գերմանական մամուլը պահանջած է դատ յարուցել Թուրքիոյ մէջ 1912–15թթ. Գերմանիոյ դեսպան Հանս Վանկենհայմին դէմ՝ հայերու կոտորածներու ժամանակ անոր յանցաւոր լռութեան համար:
Ազատ արձակուելէն որոշ ժամանակ անց Թեհլերեան մեկնած է Հարաւ-Սլաւիա` Պելկրատ, ապա` ԱՄՆ` Սան Ֆրանսոսքօ: