Արեւմտեան Հայաստանի Սամոսատ նահանգի Տիլքան գիւղը նոյնպէս տուժած է  աւերիչ երկրաշարժներուն հետեւանքով։  Գիւղի գրեթէ բոլոր բնակիչները  ստիպուած եղած են գաղթել, իսկ մնացեալը սեփական ուժերով  մաքրած ու  բացած են գիւղին ճանապարհը։

Ցաւալի փաստ է, որ պատկան մարմինները տակաւին չեն հեռացուցած քանդուած շինութիւններու փլատակները։ Սամոսատ նահանգի  բնակիչները ընդհանուր առմամբ զայրոյթով լեցուած են կառավարութեան հանդէպ։ Անոնք կը նշեն, որ Արտակարգ իրավիճակներու վարչութեան խումբերը  երկրաշարժի 6րդ օրը եկած են, եւ միայն որոշ 

քանակի փլատակ մաքրած, որմէ ետք փրկարարական ու մաքրման աշխատանքները կատարած են տեղաբնակներն ու շրջակայ գաւառներէն եկած կամաւորները։ Որոնողա-փրկարարական խումբերու բացակայութեան պատճառով տասնեակ հազարաւոր մարդիկ զոհուած են, զորս յուղարկաւորած են զանգուածային գերեզմաններու մէջ։ 

Տիլքան գիւղի բնակիչները մասնաւորապէս այսպէս ներկայացուցած են իրենց բաժին հասած փորձութիւնը. «Մեր տուները քանդուեցան, յետոյ ձիւն եկաւ, շատ մարդիկ զոհուեցան, այստեղ մնալը դարձաւ անհնար։ Դիակները փլատակէն հանելու համար մենք մեր միջոցները օգտագործած ենք։ Երեք օր գիւղի ճանապարհը անանցանելի էր։ Քանի մը օր դիակները մնացած են փլատակներու տակ»։

Գիւղացիներու պահանջն այն է, որ փլատակները շուտափոյթ հեռացուին, վերանորոգուին գիւղի ճանապարհները եւ իրենք վերադառնան  բնականոն կեանքին։

 Թուրքիա բռնազաւթելով Արեւմտեան Հայաստանի տարածքները  օգնութիւն չի ցուցաբերեր տուժած բնակչութեան, անով իսկ խորացնելով մարդասիրական ճգնաժամը Արեւմտեան Հայաստանի մէջ։