Ի պատասխան Ատրպէյճանի եւ Արցախի ներկայացուցիչներուն միջեւ հանդիպում կազմակերպելու մասին Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի առաջարկին, կը յայտնենք, որ Արցախի Հանրապետութիւնը հաւատարիմ է անցեալին յայտնած իր դիրքորոշման առ այն, որ նման հանդիպումներ կրնան տեղի ունենալ Ռուսիոյ խաղաղապահներու միջնորդութեամբ, նոյն վայրը՝ ինչպէս սոյն թուականի Մարտի 1ին, մարդասիրական, ենթակառուցուածքային, թեքնիքական հարցերու շուրջ, առանց անոնց անհարկի քաղաքականացման:

Միեւնոյն ժամանակ կը յայտնենք, որ Բերձորի ճանապարհի փակ ըլլալն ու մարդասիրական ճգնաժամի շարունակումն անընդունելի են եւ ոչ մէկ կերպ կը նպաստեն բանակցային բարենպաստ մթնոլորտի ձեւաւորման։ Համոզուած ենք, որ Ատրպէյճան պէտք է պատշաճ կերպով իրականացնէ ինչպէս 2020 թուականի Նոյեմբերի 9ի եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւնները, այնպէս ալ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշման պահանջները՝ զերծ մնալով ուժի կամ ուժի սպառանլիքի կիրառումէն եւ միակողմանի, առաւելապաշտական մօտեցումներէն: Ինչ կը վերաբերի ատրպէյճանա-արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման քաղաքական հարցերուն, յիշեցնենք, որ Արցախը հաւատարիմ է հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորման ուղղուած բանակցութիւններուն, որոնք պէտք է տեղի ունենան միջազգայնօրէն ճանչցուած եւ հաստատուած ձեւաչափով՝ կողմերու հաւասար իրաւունքներուն եւ ստանձնած պարտաւորութիւններուն կատարման միջազգային երաշխիքներու առկայութեան պայմաններուն մէջ:

Արեւմտեան Հայաստանը նոյնպէս պէտք է մասնակցի Արցախի մէջ տեղի ունեցող բանակցային գործընթացներուն, քանի որ 1920 թուականէն ի վեր, Արցախը ճանչցուած է ընդհանուր Հայաստան պետութեան անքակտելի մաս։ Արեւմտեան Հայաստանը դէմ  կ’արտայայտուի Նոյեմբերի 9ի եռակողմ յայտարարութեան, քանի որ անոր պաշտօնապէս չէ մասնակցած Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան  ղեկավարութիւնը։ Ինչ կը վերաբերի մարդասիրական ճգնաժամին, յիշեցնենք, որ Արեւմտեան Հայաստանը, որպէս միջազգային իրաւունքի ջատագով, բազմիցս պաշտպանած է ոչ միայն ողջ Հայաստանի, այլեւ  Արցախցի փախստականներու իրաւունքները՝ դատեր բանալով Ատրպէյճանի դէմ։ Մենք կը դատապարտենք զաւթիչ Ատրպէյճանի գործողութիւնները, որոնք կը տանին փակուղի։