1937թ. Մայիսին թրքական կառավարութիւնը  որոշում ընդունեց վերջնականապէս ճնշել տերսիմցիներու իբր թէ «ապստամբութիւն»ը։ Իրականութեան մէջ նպատակը Տերսիմի կիսանկախ զազա եւ ալեւի-արեւի ցեղերը հնազանդեցնելն էր։ Այս իրադարձութիւնը կարեւոր է մեզի՝ հայերուս համար նաեւ այն պատճառով, որ Հայերու դէմ իրականացուած  Ցեղասպանութեան հիմնական հանգրուանէն (1915-1923թթ.) ետք Տերսիմի մէջ ապաստան գտած էին բազմաթիւ հայեր։ Արեւմտեան Հայաստանի պետական հեռուստակայանը կը ներկայացնէ քանի մը դիպիւած տեղի ունեցածին մասին։

1930ական թթ. սկզբները տերսիմցիները վերջնականապէս հպատակեցնելու նպատակով թրքական իշխանութիւնները որոշեցին օգտագործել վերաբնակեցման մասին օրէնքը: Տերսիմցիները պէտք է տեղահանուէին եւ վերաբնակեցուէին Փոքր Ասիոյ արեւմտեան տարբեր շրջաններու մէջ, իսկ «քրտաթափ» շրջաններուն մէջ բնակութիւն պիտի հաստատէր Պալքաններէն ներգաղթած թրքական տարրը: Բացի անկէ, ցեղերուն ողջ անշարժ գոյքը պիտի բռնագրաւուէր եւ բաժնուէր Պալքաններէն ներգաղթած թուրքերուն: Այս քայլով կառավարութիւնը կը ջանար մէկ կողմէ` երկրի արեւելեան շրջանները բնակեցնել «յուսալի թրքական տարրով», իսկ միւս կողմէ` կանխել քրտական նոր հնարաւոր ապստամբութիւնները: Այդ ծրագիրը Տերսիմի մէջ կամ, ինչպէս քեմալականները վերանուանած էին, Թունճելիի մէջ մեծ յուզումներու առիթ հանդիսացաւ: Շուտով ողջ Տերսիմը յայտնուեցաւ ապստամբութեան կրակին մէջ: Այն կը ղեկավարէր Սէյիտ Ռըզա, որ տարածաշրջանի մեծ հեղինակութիւն ունեցող ալեւի ցեղապետերէն էր: 1936թ. Քեմալ Աթաթուրքի առաջարկով Տերսիմի հարցը կը մտցուի ԹԱՄԺ-ի փակ նիստի օրակարգ: 1936թ. Նոյեմբերի 1ին ԹԱՄԺ-ի բացման ժամանակ Աթաթուրք Տերսիմին վերաբերեալ իր զեկոյցին մէջ ըսած է. «Մեր ներքին գործերուն մէջ ամէնէն կարեւորը Տերսիմի խնդիրն է: Անհրաժեշտ է ամէն գինով արմատախիլ ընել այդ սարսափելի թարախակոյտը: Այս հարցին վերաբերեալ շտապ միջոցներ ձեռնարկելու համար կառավարութիւնն օժտուած է լայն իրաւասութիւններով»: