Մայրաբերդ ամրոց

Ստեփանակերտէն մօտաւորապէս 14քմ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի Ասկերանի բերդը, որ երկու կողմերէն շրջապատուած է Կարկառ գետի հովիտով։ Այն յայտնի է նաեւ Մայրաբերդ անունով։ Յատկապէս ուշագրաւ է բերդի պաշտպանական ամուր կառուցուածքը։ Բերդն ամրացած է կրկնապարիսպներով եւ ունի բարձր շրջանաձեւ աշտարակներ։ Ասկերանի ամրոցը կազմուած է երկու համալիրներէ՝ ձախակողմեան՝ հիւսիս-արեւմտեան եւ աջակողմեան՝ հարաւ-արեւելեան: Ամրոցի պարիսպներն ունին 2մ հաստութիւն եւ 9մ բարձրութիւն: Որպէս դիտակէտ ծառայող աշտարակներն իրար կը միանան նեղ միջանցքներով:

Ասկերանը որպէս զօրանոց գոյութիւն ունեցած է 18-րդ դարու կէսերէն։ Այն կարեւոր դեր  խաղացած է Շուշիի պաշտպանութեան գործին մէջ։ Բերդը մեծ չափով վնասուած է արցախեան պատերազմներու տարիներուն։

Leave a Reply