
ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի և մարմնակրթութեան նախարարութեան աջակցութեամբ Մարտի 16-20 Երեւանի մէջ պիտի կազմակերպուի Հայ երգահանական արուեստի 14րդ փառատօնը։ Փառատօնը հիմնադրուած է Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբի եւ Հայաստանի երգահաններու միութեան կողմէ։ Հայ երգահանական արուեստի փառատօնը հայաստանեան մշակութային կեանքի նշանակալի իրադարձութիւններէն է եւ 2010 թուականին հիմնադրուելէն ի վեր անշեղօրէն կը հետեւի հայ դասական եւ արդի երգահանական դպրոցի, աւանդոյթներու պահպանման, ճանաչման եւ ընդլայնման իր առաքելութեան:
Փառատօնի կարեւորագոյն բաղադրիչներէն է հայ երգահաններու սիմֆոնիկ եւ սենեկային ստեղծագործութիւններու ձայնագրումը, տեսագրումը, ցուցակներու եւ նուագաբաժիններու թուայնացումն ու պահպանումը: Փառատօնի ընթացքին հնչած հայ երգահաններու ստեղծագործութիւնները նաեւ տեղ կը գտնեն յայտնի լրատուական հարթակներու վրայ։ Փառատօնը հնարաւորութիւն կը ստեղծէ մեծանուն երգահաններու երաժշտական ժառանգութեան կողքը ներկայացնելու նաեւ երիտասարդ ու նորայայտ երգահաններու ստեղծագործութիւններ: