
Երեւանի աւագանին իր երէկուան նիստի ընթացքին համաձայնութիւն տուած է Հայաստանի ազգային հերոս, երգիչ, երգահան, հասարակական գործիչ Շառլ Ազնաւուրի յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանը Երեւան քաղաքի Ֆրանսայի հրապարակին մէջ տեղադրելու համար:
Նշենք, որ Երեւանի աւագանիի մշակոյթի, կրթութեան եւ ընկերային հարցերու մշտական յանձնաժողովին ներկայացուած էր նախագիծ մը, ըստ որուն, նախատեսուած էր Ֆրանսայի հրապարակի կեդրոնը տեղադրել Շառլ Ազնաւուրի արձանը, իսկ Օկիւստ Ռոտէնի Ժիւլ Պաստիէն Լըփաժի քանդակը տեղափոխել այլ վայր:
Աւագանիին կողմէ որոշումն ընդունուեցաւ միաձայն՝ 49 կողմ ձայներով: