Այս պահուն Գերմանիոյ համար կեդրոնական նշանակութիւն ունի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղուած ջանքերու աշխուժացումը, յայտարարած է Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ։

Շոլց նշած է,  որ Գերմանիա մտահոգ է հայ-ատրպէյճանական սահմանին ստեղծուած անկայուն իրավիճակով։ 

«Նման իրավիճակը չի կրնար այսպէս երկար մնալ։ Կայ յետագայ սրացման վտանգ։ Այդ կը վկայեն նախորդ ամիսներու եւ շաբաթներու իրադարձութիւնները։ Բնականաբար չենք մոռնար նաեւ մարդասիրական իրադրութեան մասին։ Մեր համատեղ նպատակը պէտք է ըլլայ այս հակամարտութեան համար երկարաժամկէտ եւ իրագործելի լուծում գտնել՝ ի բարօրութիւն Արցախի մարդոց»,- նշած է ան եւ աւելցուցած, որ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը պէտք է հիմնուած ըլլայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան պահպանման վրայ։

Արեւմտեան Հայաստանը կը յիշեցնէ, որ Ատրպէյճան կը շարունակէ բռնազաւթուած պահել 1920 թուականին ճանչցուած Հայաստան պետութեան տարածքները, միեւնոյն ժամանակ հաւակնութիւններ ներկայացնելով հայկական այլ շրջաններու նկատմամաբ նոյնպէս։ Ատրպէյճան կը շարունակէ ոտնահարել միջազգային կանոնները՝ չհետեւելով  հարցի խաղաղ ճանապարհով լուծման կոչերուն։

Leave a Reply