
Հրանդ Տինք հիմնադրամին կողմէ 2020 թուականի Յուլիսին նախաձեռնուած «Ժամանակակից տեսակէտ բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներուն վերաբերեալ» խորագիրով նախագիծն աւարտած է։
Հրատարակուած է նախագիծի վերջնական արդիւնքը՝ Օհաննէս Քըլըչտաղըի հեղինակած «Թուրքիոյ մէջ հայկական հաստատութիւններու հիմնախնդիրները եւ լուծումներու առաջարկներ» զեկոյցը։ Զեկոյցը պատրաստուաած է տարբեր կառոյցներու ղեկավարներուն հետ կայացած 54 հանդիպումներու, ինչպէս նաեւ չորս համաժողովներու արդիւնքներու լոյսին ներքոյ, որոնց մասնակցած են ակադեմիկոսներ, իրաւաբաններ եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ՝ գնահատելու առկայ խնդիրները եւ անոնց համար առաջարկելու լուծումներ։
Զեկոյցը, որ կեդրոնացած է հայկական կառոյցներու իրաւական, տնտեսական, ընկերային արդի խնդիրներու եւ անոնց լուծումներու առաջարկներուն վրայ, նպատակ ունի նաեւ բարձրացնել քաղաքական գործիչներու, հասարակական կազմակերպութիւններու եւ հանրութեան իրազեկութիւնը բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներուն վերաբերեալ եւ լոյս սփռել բնիկներու իրաւունքներուն վերաբերեալ իրականացուելիք քարոզչական աշխատանքներուն վրայ:
Զեկոյցի անգլերէն տարբերակը պիտի հրապարակուի Ապրիլին։
Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը 2022 թուականին, բռնազաւթուած Արեւմտեան Հայաստանի կատարած առաքելութեան ժամանակ նոյնպէս արձանագրած է բազմաթիւ խնդիրներ, որոնք այժմ լուծումներ կը ստանան ըստ առաջնահերթութիւններու։ Յիշեցնենք, որ Հրանդ Տինք Արեւմտեան Հայաստանի զաւակ էր, որ զոհ գնաց թրքական ֆաշիզմին։
https://hrantdink.org/images/bolis/TEKHS_Rapor.pdf