Արցախի ժողովուրդին համար կատակասիրութիւնը անկախ ամէն բանէ բնաւորութեան անբաժան մասն է: Իսկ կատակի եւ ուրախութեան հանդէպ ունեցած անոնց սիրոյ խորհրդանիշը դարձած է Վարանդայի Մելիք Շահնազարի պալատական ծաղրածուին՝ Պըլը Պուղիի յուշաքարը:  Պըլը Պուղիի յուշաքարը կը գտնուի Շոշ եւ Մխիթարաշէն գիւղերուն միջեւ տեղակայուած քարանձաւին մէջ: Այն կառուցուած է 1976 թուականին: Իսկ ո՞վ եղած է ուրախութեան խորհրդանիշ դարձած յայտնի արցախցին:

Պըլը Պուղի իրական անձնաւորութիւն է, ծնած է 1731թ. Վարանդայի Շոշ գիւղը։ Անոր իսկական անունը Պօղոս էր, բայց ժողովուրդի շրջանին մէջ յայտնի է որպէս Պըլը Պուղի՝ իր սրամտութեան, զուարճախօսութեան համար («պէլ» կը նշանակէ խենթ)։ Պըլը Պուղի մեծ հեղինակութիւն  ունեցած է արցախցիներուն մօտ, եւ անոր անունը հասած էր նաեւ Վարանդայի դաւաճան տիրակալ Մելիք Շահնազարին։ Վերջինը սրամիտ Պըլը Պուղին հրաւիրած է ապրելու իր մօտ։  Զուարճախօսը համարձակօրէն քննադատած ու ծաղրած է նաեւ Մելիքին սխալ որոշումները: Ահա թէ ինչու ժողովրդական բանահիւսութեան մէջ Պըլը Պուղիի կատակները կապուած են, գլխաւորաբար, Մելիք Շահնազարին հետ։ 

Պըլը Պուղիի անունով բազմաթիւ նիւթեր պահպանուած են ՀՀ ԳԱԱ հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկին մէջ, Երեւանի Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ եւ այլուր։

Պըլը Պուղի մահացած է 1810 թուականին, բայց ան տակաւին կ’ապրի ժողովրդական բանահիւսութեան մէջ եւ ճանչցուած է արցախեան բոլոր ընտանիքներուն մօտ: Հունոտի կիրճ բնապատմական արգելոցին մէջ գտնուող անոր յուշաքարն ալ աւելի վառ կը պահէ եւ սերունդէ սերունդ կը փոխանցէ վերջինիս յիշատակը:

Leave a Reply