Մարտի 15ին, Մեծ պահքի Միջինքի օրը, Ջաւախքի գրեթէ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կազմակերպուեցաւ «Հայկական գաթա» փառատօնը:  Միջինք անունը կը տրուի Մեծ պահքը կիսող օրուան, որ տօնական նշանակութիւն չունի: Միջինք է Մեծ պահքի չորրորդ Չորեքշաբթին կամ 24րդ օրը: Ըստ ժողովրդական աւանդութեան, հայ տանտիկինները կը թխեն բաղարջ, որուն մէջ մետաղադրամ կը դնեն: Որուն, որ բաժին հասնի դրամը, այդ տարի յաջողութիւն պիտի ունենայ: 

Այս գեղեցիկ նախաձեռնութիւնը Ջաւախքի մէջ վերածուած է սպասուած աւանդոյթի, որ իր շուրջ կը համախմբէ բազմաթիւ մարդիկ, տարբեր բնակավայրերէ։ Այս տարի փառատօնը կազմակերպուեցաւ Ախալքալաքի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ բակը: Փառատօնին իրենց գաթաներով ներկայացած էին Ախալքալաքի տարբեր հաստատութիւնները ներկայացնող կիներ:

Leave a Reply