Ցեղասպանագէտ Տիրք Ռոտզանթ յօդուած հրապարակած է հոլանտական ամէնէն հեղինակաւոր թերթերէն մէկուն մէջ, ուր անդրադարձած է Բերձորի ճանապարհի ապօրինի շրջափակման՝ կապ տեսնելով 1915թ-ի հայերու հանդէպ իրականացուած Ցեղասպանութեան եւ 1932-1933թ-ին Խորհրդային միութեան կողմէ Ստալինի օրօք ուքրանացիները սովի մատնելուն հետ:

Ռոտզանթ կ’ընդգծէ, որ, «Բռնապետ նախագահ Ալիեւ իրականութեան մէջ ճնշումներու չ չ’ենթարկուիր, այդ թուին վարչապետ Ռիւթէի եւ շատ այլ եւրոպացի առաջնորդներու կողմէ, որոնք կազի մատակարարումն աւելի կարեւոր կը համարեն, քան մարդու իրաւունքները: Երկար ժամանակէ ի վեր Հոլանտայի եւ Արեւմուտքի միւս երկիրները աշխոյժ կերպով կ’աջակցին Լեռնային Ղարաբաղ-Արցախ բնակող հայերուն՝ ընդօրինակելով այնպիսի կազմակերպութիւններ, ինչպիսիք են Amnesty International-ն ու The Lemkin Institute for Genocide Prevention-ը, որոնք կը դատապարտեն շրջափակումը եւ կը տեսնեն նախագահ Ալիեւի ծրագիրները… Եթէ ​​մենք կը ցանկանք պաշտպանել մեր չափանիշներն ու արժէքները Ուքրանիոյ մէջ, ուրեմն պէտք է ուշադրութիւն դարձնենք նաեւ ներգաւառաբնակ հայերու  ճակատագիրին։ Գիտակցումն առկայ է, կը մնայ՝ խիղճը»: 

Leave a Reply