Արեւմտեան Հայաստանի՝ երկրաշարժէն տուժած աղէտի գօտին այս անգամ ալ յայտնուած է տեղատարափ անձրեւներու յորձանուտին մէջ։ Առատ տեղումներուն հետեւանքով վրանային թաղամասերը հեղեղուած են ջուրերով։ Երկրաշարժէն տուժած բնակիչները հիմա ալ տուժած են ջրհեղեղէն․ Ատըեաման քաղաքին մէջ 13, իսկ Ուրֆայի մէջ 2 անձ  զոհուած է։  Մալաթիոյ որոշ շրջաններ, Խարբերդի շարք մը փողոցներ, Մարաշի Աֆշին թաղամասին մէջ հիմնուած վրանային աւանը, Հաթայի շարք մը վրանային թաղամասեր  հեղեղուած են անձրեւաջուրերով, իսկ  շարք մը փողոցներու մէջ լիճեր գոյացած են։ Հեղեղումներուն հետեւանքով ջուրի տակ անցած են նաեւ մշակուող գիւղատնտեսական նշանակութեան հողերը։ Բազմաթիւ մեքենաներ  սուզուած են ջուրի տակ։ Բնակիչները չեն կրնար մտնել իրենց վրանները։

Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութիւնը միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ թրքական իշխանութիւններու անգործութեան վրայ, որոնք  պատշաճ օգնութիւն չեն ցուցաբերեր սեփական տարածքին մէջ ապրող բնիկ ժողովուրդին՝ արհամարհելով անոր հիմնարար իրաւունքները, եւ կը պահանջէ Սեւրի դաշնագիրը ստորագրած պետութիւններու աշխոյժ միջամտութիւնը՝ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան     իրաւական հիմքերու վերականգնման, որպէսզի բնիկ ժողովուրդը  պաշտպանուած ըլլայ սեփական պետութեան կողմէ։  

Leave a Reply