
Գանձասարի վանք – Խաչէն գետի ափին բարձր բլուրի վրայ կը գտնուի Գանձասարի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի եկեղեցին ու գաւիթը, որոնք կառուցուած են 1216-1238թթ Ջալալեան իշխաններու կողմէ: Պատմական փաստերը կը յուշեն, որ Գանձասարի պատմութիւնն աւելի հին է քան Յովհաննէս Մկրտիչի եկեղեցւոյ կառուցումը: Վանական համալիրի կառոյցներուն վրայ փորագրուած են շուրջ երկու հարիւր գրութիւններ, որոնց մեծ մասը կը հանդիսանան միջնադարեան արուեստի նմոյշներ: Հայ ճարտարապետութեան հանճարեղ միտքի եւ վարպետութեան վառ օրինակներէն է Գանձասարի վանական համալիրը, որ կը գտնուի Մարտակերտի շրջանի Վանք գիւղի մօտակայքը,անցեալին՝ Արցախ նահանգի Մեծ Առանք գաւառին: 13րդ դարու առաջին կէսը, ըստ ամենայնի, եղած է Խաչէնի անկախ իշխանութեան վերելքի շրջանը: Ճիշդ այդ ժամանակ ալ Արցախի մէջ ստեղծուած են հայկական գեղարուեստական ժառանգութեան ոսկէ ֆոնտ մտած արուեստի երեւելի գործեր: Գանձասար – հայերէն, կը նշանակէ «գանձերու լեռ»: Վանքը հիմնադրուած է 12րդ դարուն: Վանքը պահպանած է հոգեւոր կեդրոնի դերը Հասան-Ջալալեան իշխաններու ջանքերով: Վանքին մէջ կար դպրոց, ուր հոգեւոր առաջնորդները վերապատրաստուած են, ստեղծուած եւ պահպանուած են ձեռագիրներ: 2008 թուականին Արցախի մէջ կայացաւ «մեծ հարսանիք», որուն ընթացքին ամուսնացաւ 687 զոյգ: 550 զոյգ ամուսնացաւ Ղազանչեցոց տաճարին մէջ, իսկ 137 զոյգ`Գանձասարի վանքին մէջ:
