Նախ  կուզեմ ըսել, որ ես բարձր կը գնահատեմ  խորհրդարանականներու եւ սենատորներու աշխատանքը, որոնք քաջաբար կողմ քուէարկած են ֆրանսական բանաձեւին։ Տիկին պատգամաւոր,  ինչպէս Դուք նշեցիք ԱԺ-ի ձեր ելոյթին մէջ, միշտ ալ  ձգտում կայ վերացնելու հայ ազգը եւ քաղաքակրթութեան բնօրրանը. Դուք լիովին հասկցաք այժմ Հայաստանի տարածքին բոլորիս  աչքին առջեւ տեղի  ունեցող հայ ազգի բնաջնջման պատերազմի չափը։ Այս պատերազմն ու այս շրջափակումը 1894 թոխականին սկսած ցեղասպանական տարբեր ծրագիրներոխ մաս կը կազմեն: Oրինակ` բռնազաւթուած Արեւմտեան Հայաստանի մէջ մեր բնակչութեան  բռնաճնշման  ծրագիրը եւ աւելի քան 100 տարի  շարունակուող Արեւմտեան Հայաստանի բնիկ բնակչութեան բնաջնջման պատերազմները, իսկ այժմ՝ ատրպէյճանական զաւթիիչներու կողմէ  Արցախի բնիկ բնակչութեան շրջափակումը։ Այնուամենայնիւ, հայերը վճռականօրէն դիմադրած են ճնշումն ու բնաջնջումը, ինչպէս վերջին երկու համաշխարհային պատերազմներուն, երբ  անոնց  500,000 որդիները զոհուեցան յանուն ազատութեան: Անոնց թուին է Արեւմտեան Հայաստանի Ատըեաման քաղաքը ծնած Միսաք Մանուշեան, որուն համար Փետրուարի 18-ին Փարիզի մէջ կազմակերպուած էր  կոչունք՝  անոր ոգեկոչման առթիւ։

Պարոն Մանուշեան Արեւմտեան Հայաստանի զաւակ էր՝ որ ոգեշնչուած էր Ցեղասպանութեան ժամանակ  իր ապրած դիմադրութեան ոգիով եւ կը ցանկար ազատագրել Ֆրանսան։

Բռնազաւթման հարցը, որմէ ձեռբազատած է Ֆրանսա, տակաւին կը մնայ  1920թ.  ճանչցուած Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան օրակարգին մէջ։ Այս բնաբանին ներքոյ Հայաստանի Հանրապետութեան (Արեւելեան), Արցախի Հանրապետութեան եւ Արեւմտեան Հայաստանի  Հանրապետութեան համար անհնար է տեւական խաղաղ լուծում գտնել՝ առանց հաշուի առնելու 1920 թուականին Հայաստանի ձեռք բերած իրաւունքները։

Հայ ազգի բնաջնջման այս պատերազմի իրական նպատակն է  խոչընդոտել 1920 թուականին ճանչցուած հայկական պետութեան, այն է՝ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւնը։

Ուստի աշխարհի  այս տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւնը պէտք է հիմնուած ըլլայ միջազգային պարտաւորութիւններու եւ ստորագրութիւններու յարգանքի հիման վրայ։ Կը ցանկամ   շնորհակալութիւնս յայտնել բոլոր տեղական իշխանութիւններուն, որոնք կը յարգեն Արեւմտեան Հայաստանի զաւակներու յիշատակը եւ կը գործեն  վերականգնուած  մարդկութեան արժանապատւութեան ծիրին մէջ։ Այս առթիւ կը ցանկամ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան անունով Արեւմտեան Հայաստանի պատուաւոր քաղաքացիի կոչում շնորհել պատգամաւոր Ալեքսանտրա Մարթինին։

Լիտիա Մարկոսեան

Հայ վետերաններու եւ համախոհներու միութեան ANACAS-ի փոխնախագահ.

Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարար

Leave a Reply