
Եւրոպական խորհրդարանը կողմ քուեարկած է ԵՄ-ՀՀ յարաբերութիւններուն վերաբերեալ բանաձեւին: Բանաձեւին կողմ քուէարկած են 534 պատգամաւոր, դէմ՝ 10, ձեռնպահ՝ 66: Զեկոյցին մէջ բանաւոր փոփոխութիւններ առաջարկուեցան, մասնաւորապէս՝ դատապարտել Բերձորի ճանապարհի շարունակական շրջափակումը, որ կը վատթարացնէ Արցախի մէջ մարդասիրական ճգնաժամը, ինչպէս նաեւ դատապարտել ատրպէյճանական կողմին եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն միջեւ Մարտի 5ին տեղի ունեցած միջադէպը, որ յանգեցուց զոհերու՝ վտանգի տակ դնելով խաղաղութեան հաստատման գործընթացը, միաժամանակ ընդունելով, որ Արցախ պիտի դառնայ Ատրպէյճանի տարածքին մաս, բան մը որ զուրկ է միջազգային իրաւական հիմքէ։ Բանաւոր փոփոխութիւնները եւս ընդունուեցան:
Եւրոպական խորհրդարանին ներկայացուած զեկոյցին մէջ նշուած է, որ վերջին 30 տարուան ընթացքին Արցախի հակամարտութիւնը, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի վերջին ներխուժումը Հայաստանի ինքնիշխան տարածք տասնեակ հազարաւոր տուժածներու, մեծ աւերածութիւններու եւ հարիւր հազարաւոր մարդոց տեղահանման պատճառ դարձած է, սակայն Արցախի մէջ հակամարտութիւնը դեռ չէ լուծուած։
Փաստաթուղթին մէջ կը ներկայացուին Ատրպէյճանի յարձակումները ՀՀ Գեղարքունիք, Սիւնիք եւ Վայոց ձորի մարզերուն մէջ, Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէկ մասի բռնազաւթումն Ատրպէյճանի կողմէ, քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու գնդակոծութիւնները, հայ ռազմագերիներու եւ այլ պահուող անձերու արտադատական սպանութիւնները, Բերձորի միջանցքով քաղաքացիական երթեւեկութեան արգելափակումը:
Զեկոյցին մէջ նշուած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու կայուն կարգաւորման համար հարկաւոր է դադրեցնել բռնութիւնը, երաշխաւորել Արցախի հայ բնակչութեան իրաւունքները եւ անվտանգութիւնը:
Արեւմտեան Հայաստանը կը յիշեցնէ, որ այս քաղաքականութիւնը սկիզբ առած է տակաւին 1894 թուականէն, քանի որ Ցեղասպանութեան եւ բնաջնջման քաղաքականութիւնը որդեգրած թրքական ղեկավարութիւնը, բռնազաւթուած պահելով Արեւմտեան Հայաստանի տարածքները՝ կոպտօրէն կը խախտէ միջազգային կանոնները։ Այդ թուին Արեւմտեան Հայաստանի բնիկները՝ հայերը պարբերաբար բռնաճնշումներու ենթարկելով վառ օրինակ դարձած է իր եղբայրական Ատրպէյճանին համար, որ նոյն քաղաքականութիւնը կը փորձէ իրագործել Արցախի եւ Արեւելեան Հայաստանի նկատմամբ։
Խորհրդարանը չի հիմնուիր որեւէ հաստատուած իրաւական փաստաթուղթի վրայ՝ յայտարարելու, որ Արցախ պիտի անցնի Ատրպէյճանի կազմին մէջ, ցեղասպանութիւն տարածքներու դիմաց քաղաքականութիւնը կը շարունակուի նոյն՝ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ։
Պէտք է միջազգային հանրութիւնը արձանագրէ այս փաստերը եւ յստակ միջոցներ ձեռնարկէ:
Ամբողջական զեկոյցը կրնաք կարդալ այստեղ:
https://www.europarl.europa.eu/doceo/document/A-9-2023-0036_EN.html