
Մարտի 16ին Թիւրքական պետութիւններու ղեկավարներու գագաթնաժողովի ընթացքին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի ելոյթը Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ տարածքային պահանջներուն եւ հերթական ներխուժման նախապատրաստման բացայայտ դրսեւորում էր։ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքը ներկայացնելով «Արեւմտեան Ատրպէյճան» մտացածին անուան տակ՝ Ատրպէյճանի նախագահը կոպտօրէն կը խախտէ ոչ միայն ՄԱԿ կանոնադրութիւնը, պետութիւններու միջեւ բարիդրացիական յարաբերութիւններու եւ համագործակցութեան միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն վերաբերեալ ՄԱԿ Գլխաւոր համախմնբան հռչակագիրը, Ալմաթայի հռչակագիրը, այլ նաեւ Փրակի եւ Սոչիի յայտարարութիւններով իր իսկ ստանձնած պարտաւորութիւնները, որոնց յղում կատարուած է նոյն այս ելոյթին մէջ:
Ատրպէյճան շարունակ կը խոչընդոտէ Արցախ եւ յարակից շրջաններ փախստականներու եւ ներքին տեղահանուածներու վերադարձը՝ միեւնոյն ժամանակ յայտարարելով, թէ կը պատրաստուի վերաբնակեցնել Արցախի հայութիւնը՝ բռնագաղթման արդիւնքով իր վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ:
Խախտելով 2020 թուականի Նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութիւնը՝ Ատրպէյճանի նախագահը միջանցքներու մասին իր իսկ խոստովանութեամբ մտացածին խօսոյթով կը խոչընդոտէ տարածաշրջանային հաղորդակցման բացման գործընթացը:
Տարածաշրջանի կայունութեամբ եւ խաղաղութեամբ հետաքրքրուած բոլոր գործընկերներն աներկբայօրէն պէտք է գնահատական տան Ատրպէյճանի նախագահի նմանօրինակ քաղաքականութեան եւ գործուն քայլեր ձեռնարկեն Ատրպէյճանի կողմէ միջազգային իրաւունքի խախտումները վերացնելու եւ ուժի կիրառման դրսեւորումները բացառելու ուղղութեամբ։
Թէեւ Ալմա-Աթայի հռչակագիրը չի կրնար իրաւական հիմք հանդիսանալ 1920 թուականին միջազգային կառոյցներու կողմէ ճանչցուած հայկական պետութեան գոյութեան համար, Արեւմտեան Հայաստանը խստօրէն կը դատապարէ զաւթիչ Ալիեւի խայտառակ յայտարարութիւնները՝ կոչ ուղղելով միջազգային հանրութեան եւ համապատասխան կառոյցներուն քայլեր ձեռնարկել։ Արդէն պարզ է, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները խաղաղութիւն չեն ցանկար՝ միաժամանակ սադրելով նման յայտարարութիւններով։
Պէտք է յիշեցնել նաեւ թուրք-ատրպէյճանական իշխանութիւններուն եւ անոնց արեւմտեան գործընկերներուն, որ պիտի պահպանուի ողջ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը։ Հայաստան պետութեան կազմաքանդման գործընթացը այլեւս արդիական չէ.