
Շուշիի յուշարձաններուն մէջ առանձնակի հետաքրութիւն կը ներկայացնէ Վերին թաղի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ կամ Կանաչ Ժամ եկեղեցին: Կանաչ Ժամ (կանաչ եկեղեցի) կոչուած այն պատճառով, որ ժամանակին եկեղեցւոյ գմբեթը եղած է կանաչ: Եկեղեցւոյ զանգակատան մուտքի վերնամասը առկայ է կառուցման տարեթիւին մասին արձանագրութիւն. «Բաբայեան Ստեփանոս Յովհաննէս: Վախճանած Մկրտիչ եղբօր յիշատակին, 1847»:
Վերջերս ընկերային ցանցերու ատրպէյճանցի օգտատէրերէն ոմանք վերադարձած են Կանաչ ժամ եկեղեցին ռուսականացնելու անշնորհակալ գործին: Հարկ է նշել, որ եկեղեցւոյ ռուսականացման տենդը Պաքուի մէջ նոր երեւոյթ չէ: Ժամանակին Ֆուատ Ախունտով անհիմն կերպով այն կը համարէր «ռուս ուղղափառներ»ու: 1960-ականներու կէսերուն Պաքուին մէջ որոշուեցաւ քшնդել քաղաքի հայկական մասը՝ ատրպէյճանցի վերաբնակիչներուն համար «բնակելի տարածք»ը ընդլայնելու եւ ի հարկէ Շուշիի հայկական հետքերը վերшցնելnւ համար: Այդ ընթացքին քшնդուած են հայկական երեք՝ եւ պահպանուած ռուսական մէկ եկեղեցիները, nչնչшցուած քանի մը հայկական գերեզմшնшտուներ՝ գեղեցիկ խաչքարերով եւ յnւշшրձшններով:
«Կանաչ ժամ» եկեղեցին, որ Ֆուատ Ախունտով անհիմն կը համարէ «ռուս ուղղափառներ»ու, վերածուած է պատկերասրահի:
Իսկ ո՞րն է Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ նախապատմութիւնը: Պահպանուած է վկայութիւն, համաձայն որուն, 1840թ. իշխանութիւններու յատուկ կարգադրութըամբ, ապագայ Վերին Թաղ տեղափոխուած են Ներքին Թաղի իսլամական միջավայրին մէջ ապրող բոլոր հայերը՝ 56 ընտանիք, որոնք Ներքին Թաղին մէջ ունէին քարաշէն, փայտեայ ծածկով Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, բան մը, որ կը խօսի թաղամասին մէջ հայերու ծանրակշիռ թուակազմին մասին): Փաստաթուղթին մէջ նշուած է, որ իսլամներու կողմէ հայերը ճնշումներու կ’ենթարկուէին, բան մը, որ յանգեցուցած է վերջիններուս վերաբնակեցման։
Այդ նոյն փաստաթուղթէն պարզ կը դառնայ, որ Վերին Թաղ տեղափոխուելէ ետք, նոր վայրին մէջ կառուցուած է փայտաշէն մատուռ, որ պահպանուած է մինչեւ 1848թ, երբ անոր տեղը կառուցուած է Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ քարաշէն եկեղեցին: Հետաքրքրականն այն է, որ երկար ժամանակ այդ եկեղեցին կը կոչուէր Վերին Թաղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի: Քաղաքի ստորին մասը, մօտաւորապէս այժմու ծածկուած շուկային տեղը կը գտնուէր ռուսական դասական ճարտարապետական նախշերով կառուցուած բիւզանդածէս ուղղափառ եկեղեցի, ռուսական պաշտօնեաներու եւ կայազօրին համար, որ դժբախտաբար չէ պահպանուած: Անոր պիտի անդրադառնանք առանձին: