
Սարսանգի ջրամբարի ջուրի մակարդակն ամէն օր կը նուազի 50սմ-ով, կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան Ջրային կոմիտէի նախագահի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Արարատ Խաչատրեան, աւելցնելով, որ Սարսանգի ջրային պաշարները խիստ նուազած են:
«Արցախի ելեկտրականութեան միակ աղբիւրն այժմ Սարսանգի ջրամբարն է: Համեմատելով անցեակ տարուայ նոյն ժամանակահատուածին հետ, ունինք աւելի քան 8մ ցած նիշ: Ներկայ դրութեամբ ծախսն աւելի շատ է: Ջրամբարին մէջ ջուրի ծաւալի նիշին բարձր ըլլալու պարագային ելեկտրականութիւն ստանալու համար աւելի քիչ ջուր կը ծախսուի: Այդ նիշի իջնելուն զուգահեռ ճնշումը կը պակսի եւ աւելի շատ ջուր անհրաժեշտ է նոյն ծաւալով ելեկտրականութիւն ստանալու համար»,- մանրամասնած է Արարատ Խաչատրեան:
Անոր գնահատմամբ, վերջին տարիներու փորձը եւ համապատասխան վերլուծութիւնը ցոյց կու տայ, որ ընթացիկ տարուան մէջ հնարաւոր չէ վերականգնել ջուրի մակարդակը՝ հասցնելով տարեսկիզբի ցուցանիշին:
Այնուամենայնիւ, ոլորտի պատասխանատուն յոյս յայտնած է, որ գարնան, գետերու վարարումներէն, Սարսանգի ջուրի ծաւալը պիտի մեծնայ, բայց նոյնիսկ այդ պարագային գոհացուցիչ մակարդակ ապահովելու մասին կարելի չէ խօսիլ: