
Հաառակ ալեւիներու կոշտ արձագանգին, Անգարայի մէջ բացուած է Ալեւի-Բէկթաշի Մշակոյթի եւ Աղօթատեղիներու (Ճեմեւի) վարչութեան շէնքը, որ ստեղծուած է նախագահ Էրտողանի հրամանագիրով։ Ալեւիները այս որոշման ի սկզբանէ դէմ էին, հիմա ալ կը շարունակեն դէմ ըլլալ՝ յայտարարելով, որ այս շէնքէն ներս մտնողը դաւաճանած պիտի ըլլայ Ալեւի համայնքին։
Այս քայլը կատարուած է առանց ալեւիական համայնքի եւ կազմակերպութիւններու համաձայնութեան, որ ստիպած է զանոնք փողոց դուրս գալ բազմաթիւ քաղաքներու մէջ եւ պայքարիլ այդ կառոյցին դէմ։ Անոնց խօսքով՝ Ալեւի-Բէքթաշի մշակոյթի եւ Ճեմեւի վարչութիւնը ստեղծուած է քաղաքական-իսլամիստական Արադարութիւն եւ Զարգացում կուսակցութեան որոշմամբ, որուն անդամներն ալ նշանակուած են որպէս ղեկավար մարմին՝ առանց ալեւիական համայնքի որեւէ ներկայացուցիչի։ Անոնք չեն ընդունիր ալեւիականութիւնը՝ որպէս հաւատք, իսկ Ճեմեւին՝ որպէս պաշտամունքի վայր։ Այս քայլը կը հետապնդէ ձուլման եւ քաղաքական շահագործման նպատակ եւ կը պարտադրէ ալեւիներուն՝ ենթարկուած իսլամի օրէնքներուն։
Ալեւիական համայնքն ու կազմակերպութիւնները կը պահանջեն անմիջապէս փակել այս կառոյցը եւ կ’ըսեն. «Ո՛Չ կրօնքի պետականացման, Ո՛Չ քաղաքական իսլամիստական պարտադրումներուն, ԱՅՈ՛ հաւատքի ազատութեան, որ հիմնուած է ժողովրդավարութեան, մարդու համազգային իրաւունքներու պաշտպանութեան վրայ»:
Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութիւնը տարիներ շարունակ սերտ կապերու մէջ է իր բնիկ տարածքին մէջ ապրող արեւի-ալեւիներուն հետ, որոնք շատ լաւ կը գիտակցին իրենց ցեղային պատկանելութիւնը հայ ժողովուրդին, եւ ալեւս հնարաւոր չէ անոնց հանդէպ ցեղային ձուլման քաղաքականութիւն վարել: Թրքական իշխանութիւնները եւս կը գիտակցին այդ տակաւին 1936թ. կազմակերպուած Տերսիմի ջարդերու ժամանակներէն եւ իրենց այս քայլով մէկ անգամ եւս կ’ապացուցեն իրենց անզօրութիւնն ու պարտութիւնը ցեղային քաղաքականութեան բնագաւառին մէջ: Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութիւնը մշտապէս կը հետեւի իր սեփական հողին վրայ ապրող բնիկներու խնդիրներուն եւ կը բարձրաձայնէ այդ հարցը ՄԱԿ-ի ամպիոնէն՝ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմենակ Աբրահամեանի ու արտաքին գործոց նախարար Լիտիա Մարկոսեանի միջոցով: ՄԱԿ-ի Բնիկ ժողովուրդներու յանձնախումբի յառաջիկայ նիստին այս հարցը պիտի դառնայ քննարկման առարկայ: