Արեւմտեան Հայաստանի Կարս նահանգի Տեկոր գաւառին մէջ գտնուած 5 հայկական պատմական եկեղեցիներէն վերջինը եւս կը վերանայ բարձիթողի վիճակի մէջ գտնուելուն պատճառով, կը յայտնէ «Akunq.net»։

Անիի աւերակներէն մօտ 25քմ հարաւ-արեւմուտքը, Տեկոր գաւառէն 5քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող այդ 5 եկեղեցիներէն մեր օրեր հասած է միայն Սուրբ Սարգիս եկեղեցին, որ վերածուած է հովիվներու եւ գանձագողերու հաւաքատեղիի։

Եթէ հնարաւորինս շուտ միջոցներ պիտի ձեռնարկուին, այդ եկեղեցին եւս, միւս 4-ին նման, պատմութեան գիրկը պիտի անցնի։ Եկեղեցւոյ ներսը վերածուած է անասնագոմի, իսկ պատերը՝ քանդուած են։ Տեղի բնակիչները պոկած են զանոնք եւ տարած շինարարութեան մէջ օգտարծելու համար։

Տեկորի բոլոր 5 հայկական եկեղեցիներն ալ գմբեթաւոր եղած են, անոնք են՝ Սուրբ Կարապետ, Սուրբ Աստուածածին, Սուրբ Ստեփանոս, Սուրբ Գրիգոր եւ Սուրբ Սարգիս։  

Յիշեցնենք, որ այս 5 եկեղեցիներն ընդգրկող վանական համալիրը լքուած էր 13րդ դարուն` մոնղոլներու արշաւանքներէն ետք:

Այս եկեղեցիները կը համարուին Արեւմտեան Հայաստանի մշակութային ժառանգութեան մէկ մասը եւ անոնց պահպանումը շատ կարեւոր է։ Թրքական իշխանութիւնները բռնազաւթելով Արեւմտեան Հայաստանի տարածքները, իրենց կողմէ տարուող յատուկ քաղաքականութեան միջոցով կը փորձեն ոչնչացնել նաեւ մշակութային արժէքները։ Միջազգային հանրութիւնը պէտք է այս բոլորը արձանագրէ եւ յստակ գործողութիւններու դիմէ։

Այս հարցը պիտի ըլլայ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի զեկոյցի խորագիրը։

Leave a Reply