Ամարասի վանքը կը գտնուի Արցախի Մարտունի շրջանի Սոս գիւղին մէջ (պատմական Արցախի Միւս Հաբանդ գաւառ): Համաձայն պատմաբան Փաւստոս Բիւզանդի, վանքի առաջին եկեղեցին հիմնած է Գրիգոր Լուսաւորիչ 4րդ դարու սկիզբը: Եկեղեցւոյ շինարարութիւնն աւարտին հասած է անոր թոռան` եպիսկոպոս Գրիգորիսի օրօք: Ան նահատակուած է 338թ.` Աղուանքի մէջ քրիստոնէութիւնը տարածած ժամանակ, եւ թաղուած Ամարասի մէջ:

5րդ դարու սկիզբը Մեսրոպ Մաշտոց բացած է Ամարասի մէջ առաջին հայկական դպրոցը, բան մը, որ հիմք դրաւ հայկական մատենագրութեան տարածման: Այդ ժամանակէն Ամարաս Հայաստանի ամէնէն խոշոր կրօնական եւ մշակութային կեդրոններէն դարձաւ:

Ամարասի վանքը բազմիցս կողոպտուած եւ քանդուած է արաբական եւ մոնղոլական ասպատակութիւններու ժամանակ, այդ թուին Լենք-Թեմուրի գլխաւորած մոնղոլ-թաթարական հորդաներու ներխուժման ժամանակ (1387թ.):

Երբ Արեւելեան Հայաստանը միացուած է Ռուսիոյ, Ամարաս` ունենալով բաւական ուժեղ պաշտպանական համակարգ, ծառայած էր որպէս ամրոց: Տակաւին 18 դարուն Վարանդայի մելիք Շահնազար Բ. Հարթավայրին մէջ գտնուող վանքը անառիկ դարձնելու նպատակով անոր շուրջ բաւական բարձր պատեր կառուցած է առանց որեւէ անցքերու:

Ամարաս, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ պատմական յուշարձաններ, տուժած է Արցախեան պատերազմներու ժամանակ ատրպէյճանական կողմի նպատակասլաց հրետակոծութիւններէն: Երբ վանքն անցաւ ատրպէյճանական զօրքերու տիրապետութեան տակ, քանդուեցաւ Ս. Գրիգորիսի դամբարանը: Յետագային Ամարաս վերադարձուեցաւ Հայկական Առաքելական եկեղեցւոյ: Այդ ժամանակ ալ սկսան վանքի վերականգնողական աշխատանքները: