Փետրուարի 6-ի երկրաշարժէն ետք բռնազաւթուած Արեւմտեան Հայաստանի մէջ մեծ թափ առած է արտագաղթի շարժումը։ Այնպիսի պատճառներ, ինչպիսիք են բնակարաններու բացակայութիւնը, վրաններու տակ ապրելու անյարմարաւէտութիւնն ու տարրական կարիքներու բաւարարման դժուարութիւնները,  արտագաղթի ընդամէնը տեսանելի կողմն են։ Սակայն անոր հիմնական պատճառը պետական ​​քաղաքականութիւնն է, որ կը տարբերի ակնյայտ պատճառներէն։ Երկրաշարժէն տուժած քաղաքներուն մէջ ապրող մարդոց բռնի արտագաղթը կը կրէ ժխտողականութեան եւ ուծացման  քաղաքականութեան յատկանիշ։

Տիգրանակերտի քաղաքաշինութեան կոմիտէի համանախագահ Պերիւան Կիւնէշ, ուշադրութիւն հրաւիրելով այն փաստին վրայ, որ Արդարութիւն եւ զարգացում ու Ազգայնական շարժում կուսակցութիւններէն կազմուած  կառավարութիւնը Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան  օգնութեամբ տարածաշրջանին մէջ ապրող մարդոց ստիպեց գաղթել դէպի արեւմուտք, այսպէս կը շարունակէ. «Անհրաժեշտ է դիտարկել Այտըն, Մուղլա, Իզմիր, Անթալիա եւ Մարտին նահանգները, ուր կառավարութեան կողմէ տարիներ շարունակ արդիւնաբերութեան եւ ուժանիւթի ոլորտուն մէջ ներդրումներ կը կատարուին։ Կառավարութիւնը վերջերս լուրջ ներդրումային ծրագիրներ պատրաստած է յատկապէս այս նահանգներուն մէջ։ Այս առումով դէպի այստեղ արտագաղթող բնակչութեան հանդէպ կը կիրառուի աժան աշխատուժի քաղաքականութիւն»։

Նշելով  արտագաղթի անմիջական կապը ուծացման քաղաքականութեան հետ, Կիւնէշ անոր պատմական նախապատմութիւնը կը գնահատէ այսպէս․ «1500-ականներուն Եաւուզ Սուլթան Սելիմ հայերուն, քիւրտերու եւ ալեւիներուն հանդէպ իրագործեց տեղահանման քաղաքականութիւն, որ շարունակուեցաւ Հանրապետութեան ժամանակաշրջանին։ Հարկադիր արտագաղթի քաղաքականութիւնը հիմա ալ կ’իրականացուի պետութեան կողմէ, որուն ձեռքով ալ տեղի ունեցաւ այս երկրաշարժը։ Երկրաշարժը կը դիտուի որպէս հնարաւորութիւն՝ աւարտին հասցնելու 500 տարի չաւարտած ուծացման քաղաքականութիւնը»:  

Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութիւնն իր տարբեր խողովակներով բազմիցս անդրադարձած է թրքական իշխանութիւններուն կողմէ տարուող ուծացման քաղաքականութեան, բայց տեղին է նշել, որ այդ ջանքերն այլեւս ի զօրու չեն կանգնեցնելու իր սեփական տարածքին մէ’ ապրող բնիկներու ցեղային ենթագիտակցութեան գալու գործընթացը եւ ո՛չ ներքին գաղթը, ո՛չ պարտադրուած արտագաղթը  կրնան խանգարել հայ ցեղը՝ վերագտնելու իր արմատները եւ տէր կանգնելու Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիի կոչման ու անկէ բխող բոլոր իրաւունքներուն: Մենք մէկ անգամ եւս կը զգուշացնենք թրքական իշխանութիւնները, որ զուր ջանքեր չծախսեն ուրիշի պետութեան ու բնիկ ժողովուրդին տիրանալու համար: