Արցախի ներքին գործոց նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ Մարտի 19-ին ատրպէյճանական մարտական դիրքերէն Հերհեր գիւղի բնակիչի ուղղութեամբ կրակոցներ արձակուած են,, երբ ան գիւղատնտեսական աշխատանքներ կը կատարէր տրակտորով:

«Մարտի 19-ին ժամը 14:15-ին ոստիկանութեան Մարտունի շրջանային բաժնի Կարմիր Շուկայի բաժանմունքէն յայտնած են, որ ժամը 13:50-ի կողմերը, Հերհեր գիւղի 34-ամեայ բնակիչ Ս. Համբարձումեան Թաղավարդ գիւղի վարչական տարածքին մէջ «Պելառուս» մակնիշի տրակտորով գիւղատնտեսական աշխատանքներ կատարած ժամանակ, մօտակայ ատրպէյճանական մարտական դիրքերէն հրաձգային զէնքերով անկանոն կրակոցներ  արձակուած են տրակտորին ուղութեամբ։ Գիւղատնտեսական աշխատանքը դադադրեցուած է։ Տուժածներ չկան», – նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Դէպքին մասին հաղորդագրութիւնը փոխանցուած է ռուս խաղաղապահներուն, կը տեղեկացնէ Արցախի ոստիկանութիւնը: