Արցախէն բռնի տեղահանուած հայ բնակչութեան ներկայացուցիչները յայտարարութիւն  տարածած են, նշելով, որ 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմին եւ Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուած բռնի տեղահանութիւններուն հետեւանքով Արցախի Հադրութ, Շուշի, Ասկերան, Մարտունի եւ Մարտակերտ շրջաններու տասնեակ հազարաւոր հայ բնակչութիւնը ներկայիս զրկուած է իր հայրենիքին մէջ ապրելու իրաւունքէն:

Յայտարարութեան մէջ նշուած է.

«Տակաւին 1990-ականներուն Ատրպէյճանի կողմէ բռնի տեղահանուած է նաեւ Շահումեան շրջանի, Գետաշէն ենթաշրջանի տասնեակ հազարաւոր հայ բնակչութիւնը:

Մինչդեռ 2020 թուականի Նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութեան 7-րդ կէտով Հայաստանի Հանրապետութեան, Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան առաջնորդները պարտաւորուած են ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի վերահսկողութեան ներքոյ ապահովել ներքին տեղահանուած անձերու եւ փախստականներու վերադարձը Արցախ եւ յարակից շրջաններ, բան մը, որ մինչեւ օրս տեղի չէ ունեցած:

Հաշուի առնելով Արցախէն բռնի տեղահանուած բնակչութեան իրաւունքներու վերականգնման անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ 2020 թուականի Նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութեան 7-րդ կէտով Ատրպէյճանի ստանձնած պարտաւորութիւնները՝ սոյն նամակով Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւէն կը պահանջենք ճանչնալ հայ փախստականներու խախտուած իրաւունքներու վերականգման անհետաձգելի հրամայականը, ապահովել անոնց անվտանգ եւ արժանապատիւ վերադարձն իրենց բնակավայրեր՝ համաձայն ստանձնած պարտաւորութիւններուն եւ մարդասիրական իրաւունքին»:

Արեւմտեան Հայաստանը կոչ կ’ուղղէ արցախցիներուն շարունակել պայքարը յանուն իրենց իրաւունքներուն, սակայն նախագահ Ալիեւ չի կրնար ըլլալ այդ իրաւունքներու երաշխաւորը, քանի որ ան է այն յանցագործութիւններուն հեղինակը, որոնք կ’աքսորեն արցախցիները։